ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ
ՃԷՅՍԸՆ ՔԵՆԻ ԵՐԿԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ
Անթիլիաս – Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, շուրջ 2 ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Գանատայի բազմամշակութային եւ ընկերային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանը, նախարարին անմիջական օգնականները, ինչպէս նաեւ՝ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Նախարարը յատուկ կերպով գործուղղուած էր Գանատայի կառավարութեան կողմէ, որպէսզի մօտէն տեղեակ դառնայ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերու զարգացումներուն, ու յատկապէս՝ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ծանօթ ըլլալով նախարար Քենիի, հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Նախ՝ նախարարը ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց Գանատայի հայութեան հետ իր բարեկամական կապերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իր ունեցած ներդրումին, ապա՝ ան ներկայացուց Գանատայի մօտեցումը Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին:
Նորին Սրբութիւնը իր կարգին գնահատեց նախարարին բարեկամական վերաբերումը Գանատայի հայութեան ու մանաւանդ Հայ Դատի նկատմամբ իր ունեցած ամուր զօրակցութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի՝ այս ծիրէն ներս կեդրոնանալով կարգ մը մտահոգութիւններու եւ երեւոյթներու վրայ:
Նորին Սրբութեան եւ նախարարին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը: Նախարարը յիշեցուց զանազան առիթներով Թուրքիոյ բիրտ հակազդեցութիւնը՝ Գանատայի նկատմամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Գանատայի ունեցած դրական մօտեցման համար: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին, հատուցման առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութեան:
Հանդիպումի աւարտին, նախարարը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարաձանը եւ մօտէն տեղեակ դարձան Պիքֆայայի վանքէն ներս տեղի ունեցող շինարարական ծրագիրներուն: