Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան
նշանակուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Հոգեւոր Հովիւ
Կիրակի, 17 Ապրիլ 2016-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանի Անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Պատարագին ներկայ էին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, Հայրապետական Ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ Թեմիս Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովի ներկայացուցիչներն ու անդամները։
Պատարագի ընթացքին խօսք առաւ Հայրապետական Ներկայացուցիչ՝ Սուրէն Արքեպիսկոպոսը եւ շեշտեց հայ կրօնաւորներուն այժմէական զոհողութեան ու ծառայութեան կարեւորոթիւնը մեր ժողովուրդի պայծառացման ու բարօրութեան համար, մէջբերելով Յիսուս Քրիստոսի պատգամը, որ կ՚ըսէ. «գացէք այսուհետեւ աշակերտեցէք զամենայն հեթանոսք, մկրտեցէք զնոսա յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, ամէն, ուսուցէք զնոսա զամենայն ինչ որ պատուիրեցի ձեզ»։ Սրբազան Հայրը ներակայացուց նորանշանակ Հովիւին փորձառական առաքելութիւնը որպէս միաբան Մեղի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Գեղարդ Վարդապետին, յուսալով նորանոր նուաճումներ, կորով եւ պտղաբեր ծառայութիւն, Թորոնթոյի թանկագին ժողովուրդին։
Ապա խօսք առաւ Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանը, գոհութիւն եւ փառք տալով Ամենակալին։ Որդիական իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ Իր տնօրինումով կը սկսի այս ծառայութիւնը Թորոնթոյի գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Թեմիս Ազգային Վարչութեան եւ տեղւոյն Օգնական Հովիւին եւ Հոգաբարձական կազմին։ Հայր Սուրբը Աւետարանի խօսքը մէջբերեց, ըսելով՝ թէ իւրաքանչիւրս մէկ մարմնի զանազան անդամներն ենք, բոլորս կը գործենք միասնաբար եւ մէկ նպատակի համար որ է Աստուծոյ փառքը եւ մեր ժողովուրդի ծաղկումը։ Իր քարոզը կեդրոնացուց չորս սկզբունքներու վրայ՝ Ճշմարտութիւն, սէր, միութիւն եւ ներդաշնակութիւն, շեշտելով, թէ այս պէտք է ըլլայ մղիչ ոյժը քրիստոնեայ անհատին։
Պատարագի աւարտին, «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։