Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան մասնակցեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի ծագումով հայ անդամ՝ պրն. Ռէյմոնտ Սեթլաքուի յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ անոր յաջորդող ընդունելութեան՝ կազմակերպուած Սեթլաքուիի ընտանիքին կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Թերզեանը: Յուղարկաւորութեան եւ ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներն ու համանախագահը՝ Հրակ Տարագճեան:
Յետ յուղարկաւորութեան, ընդունելութեան բացման աղօթքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, այնուհետեւ անգլերէն լեզուով փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմին, գնահատեց պրն. Սեթլաքուիի վաստակը, որ քաղաքական-անձնական իր կապերուն միջոցով միշտ սատար հանդիսացաւ հայկական համայնքին: Ան նշեց նաեւ, որ պրն. Սեթլաքուի երկար տարիներ եղած է Գանատայի Ծերակոյտի անդամ եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է 2002-ին, ցեղասպանութեան բանաձեւի ճանաչման՝ Ծերակոյտին մէջ, որ հետագային դարձաւ Գանատայի Խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը վշտակցութիւնը յայտնեց Ռէյմոնտ Սեթլաքուիի ընտանիքին ու հարազատներուն:
Նշենք նաեւ, որ ընդունելութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի նախկին վարչապետ Ժան Գրեթյէնի հետ: