Easter 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ  ՍՐԲԱԶԱՆ  ՀՕՐ
Ս.  ԶԱՏԿՈՒԱՆ  ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿԻԶԲ՝ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ

 

Մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4)։
Պօղոս առաքեալ հռոմէացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ խորիմաստ բառերով մեղանչական մարդուն կը թելադրէ մկրտութեամբ սրբուիլ եւ մաքրուիլ մեղքի աղտեղութենէն։
Քառասնօրեայ Մեծ պահոց շրջանը զգաստութեամբ աւարտելով, բոլորս մտածեցինք աստուածային, դրախտային կեանքի պարգեւած ուրախութեան մասին, միաժամանակ անդրադառնալով, թէ՝ ի՛նչ գին ունեցաւ դրախտային կեանքի ուրախութեան և երջանկութեան կորուստը, մարդուն անհնազանդութեան պատճառով, երբ ան հրաժարեցաւ աստուածային կամքէն եւ օրէնքէն։ Անառակ որդիին նման ան հեռացաւ Աստուծոյ տունէն եւ օրէնքէն, ընկղմեցաւ մեղքի տիղմին մէջ եւ կորսնցուց իր ուրախութիւնը, ազատութիւնն ու անդորրութիւնը։ Նոյն պատկերով մարդը կորսնցուց Աստուծոյ տուած առաջին պատմուճանը հագնելու ուրախութիւնը, եւ մարդուն մէջ խաթարուեցաւ Աստուծոյ իսկական պատկերը։
Արդ, քառասնօրեայ պահեցողութեան այս շրջանը, լաւագոյն առիթ հանդիսացաւ՝ մտածելու, անդրադառնալու, մեր անձերը քննելու, տեսնելու հայրական ուրախութեան տանող ճամբան, որպէսզի անառակ որդիին նման վերադարձի ճամբան փնտռենք գտնենք, մեղքը խոստովանինք եւ մեր կեանքի ընթացքը փոխենք։ Աւետարանին ականջալուր, հասկցանք, որ Աստուած անառակ որդիի հօր նման, որպէս մեր բոլորին Հայրը՝ ամենողորմ Տէրը, կը սպասէ մեզի, կը սպասէ մեր վերադարձին, լսելու մեր զղջումն ու խոստովանութիւնը։ Ճիշտ այս պատճառով, Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ մեզի նախ՝ մեր կեանքը վերածել հոգեւորապէս ամէնօրեայ մկրտութեան։

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին Խորհուրդը՝ Մկրտութիւնը ջուրով լուացում է, խորհրդանիշ  մաքրութեան։ Մկրտութեան ջուրին մէջ երեք անգամ ընկղմումով մարդը «կը խաչուի» Քրիստոսի հետ, «կը թաղուի» Քրիստոսի հետ եւ ապա «յարութիւն կ՛առնէ» Քրիստոսի հետ. կը դառնայ նոր մարդ՝ սրբուած իր սկզբնական՝ ադամական մեղքէն, տնկակից կը դառնայ Քրիստոսի, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կը հաստատէ կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ՝ ըսելով. «Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ.Կր 5.17)։ Մէկ մարդու պատճառով մեղքը մուտք գործեց աշխարհ եւ այդ իսկ պատճառով մահը տիրեց աշխարհի մէջ։ Դարձեալ, մարդու մը պատճառով բոլորը մեռան, եւ սակայն մէ՛կ Մարդու մը պատճառով աստուածային շնորհքը տարածուեցաւ եւ առաւել կեանքը տիրեց աշխարհի մէջ։
Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդու փրկութեան համար։ Ան աշխարհ եկաւ հեռացած մարդուն Աստծոյ մօտեցնելու։ Ան աշխարհ եկաւ մեղքի տիղմին մէջ ընկղմուած մարդը բարձրացնելու։ Ան աշխարհ եկաւ որպէս Գառն Աստծոյ՝ զոհագործուելու, խաչուելու, թաղուելու եւ Իր հետ միանգամընդմիշտ գերեզմանելու մարդկութեան ուսերուն վրայ ծանրացած մեղքը. եւ երեք օրեր ետք յարութիւն առնելով մեռելներէն՝ մարդկութեան նոր կեանք պարգեւեց եւ առաջնորդեց դէպի յաւիտենական ուրախութիւն եւ փրկութիւն։
Պօղոս առաքեալ նոյն համարին մէջ մեզ կը թելադրէ հաղորդ դառնալ Քրիստոսի մահուան հետ։ Հաղորդ դառնալ Քրիստոսի մահուան հետ՝ կը նշանակէ մեռնիլ Քրիստոսի հետ։ Երբ կը հաւատանք Քրիստոսի, կը նշանակէ որ մեր մէջ կը մեռնի «մեղաւոր անձը». սկզբնապէս բոլորս ալ երեխաներ էինք, այժմ հասունցած եւ գիտակից ենք։ Սկզբնապէս բոլորս ալ ծառաներ եւ գերիներ էինք մեղքին, չարին եւ չարութեան, սակայն Քրիստոսի նման մեռնելով միայն կրնանք ազատուիլ մեղքի ծանրութենէն եւ տիրապետութենէն, կրնանք ազատուիլ մեղքի զօրութենէն եւ միանգամընդմիշտ հեռանալ մեղքի նետարձակումներէն, որպէսզի ապրինք Աստծոյ ժառանգակից որդիներու նման։
Պօղոս առաքեալ իր մտածումը  շարունակելով կը հաստատէ, որ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը տեղի ունեցաւ Հօր փառքով։ Այո, փառաւոր եւ հրաշափառ է յարութիւնը: Մարդոց մտքին և անոնց կեանքի փորձառութեան մէջ անհասկնալի էր պատահածը. Իր իսկ աշակերտին կողմէ կը մատնուէր, հրեայ մեծամեծներու կողմէ ձերբակալուէր Քրիստոս, Պիղատոսի մօտ դատուելու կը տարուէր, մի քանի օր առաջ «Ովսաննա»ներով, սաղմոսներով եւ օրհներգութիւններով դիմաւորող ամբոխը՝ նոյն Տէրը խաչ բարձրացնել կը գոռար: Ո՞ւր էր այստեղ փառաւորը…։
Այո՛, Աստուծոյ կամքը իրականանալու համար Քրիստոս սիրայօժար խաչ բարձրացաւ եւ խաչին վրայէն ներեց բոլոր անոնց՝ որոնք յանցանք գործած էին, եւ վերջին պահուն, նոյնիսկ Իր կողքի խաչեալին՝ աւազակին ներեց՝ ըսելով. «Այսօր իսկ, Ինծի հետ  Արքայութեան մէջ կ՛ըլլաս», եւ Ան խաչին վրայ Իր անարատ բազուկները տարածեց եւ Իր մահկանացուն կնքեց։ Պահ մը աշակերտները յուսալքուեցան, ուրացան եւ հեռացան խաչելութեան վայրէն։ Ո՞ւր էր այստեղ հրաշալին:
Մարդկային միտքը այստեղ կանգ կ՛առնէ, քանի որ այո, հրաշալին ու փառաւորը կը կատարուի:
Զարմանալին պատահեցաւ. Ան՝ որ կեանքի պարգեւ կուտար բոլորին, Ինքը որպէս պարգեւ խնդրուեցաւ Յովսէփ Արեմաթացիի կողմէն, որ ստանալով անոր մարմինը, կտաւով փաթթեց եւ իր սեփական կոյս գերեզմանին մէջ թաղեց ու մեծ քար մը գլորեց մուտքին, ուր զինուորները գիշեր-ցերեկ հսկեցին վայրը։ Երրորդ օրը տեղի ունեցաւ մեծագոյն հրաշքը, հրաշքներուն հրաշքը. Քրիստոս խորտակեց դժոխքի դռները, մահուան վրայ յաղթանակ տարաւ եւ յաղթական դուրս եկաւ գերեզմանէն՝ նոր եւ առաւել կեանք պարգեւելու այն մարդուն, որ պատրաստ էր Իր հետ մեռնելու, թաղուելու եւ մանաւանդ Իր հետ յարութիւն առնելու։
Քրիստոս կատարեալ մարմնով յարութիւն առաւ եւ առաջին անգամ երեւցաւ իւղաբեր կանանց եւ ապա աշակերտներուն։ Հրեշտակները մեծագոյն աւետիսը տուին աշխարհին, որ «Ան այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ»։ Ահաւասիկ այսպէս տեղի ունեցաւ Քրիստոսի յարութիւնը ՝ աստուածային փառքով եւ պատուով։ Անոր երկրային ամբողջ կեանքը լեցուն էր աղքատութեամբ, զրպարտութեամբ, վիշտով, դատապարտութեամբ, թուքով, եւ խաչելութեամբ, որ վերացաւ միայն Իր յարութեան փառքով։
Ահա թէ ինչո՛ւ Պօղոս առաքեալ կը  թելադրէ մեզի ապրիլ նոր կեանք մը։ Այնպէս ինչպէս Քրիստոս պէտք է մեռնէր՝ մեռելներէն յարութիւն առնելու համար, մենք եւս պէտք է մեռնինք՝ թօթափելու համար հին մարդը՝ մեղանչական մարդը, որպէսզի յարութիւն առնենք Քրիստոսով՝ ապրելու համար նոր կեանք մը։ Այնպէս ինչպէս Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Եղէ՛ք նոր մարդ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանք արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփ 4.24)։
Այսօր դիւրին չէ հին կեանքին վերջ տալ. յաճախ կ՛ըսենք, որ մենք քրիստոնեայ ենք։ Կը գիտակցի՞նք, որ Քրիստոս որպէս Փրկիչ եկաւ մեզի մահուան ճիրաններէն ազատագրելու։ Այսօր կրնա՞նք ըսել, որ «մահացած ենք» Քրիստոսի հետ, ասինքն՝ թօթափա՞ծ ենք հին մարդը, ազատուա՞ծ ենք մեղքի ծանրութենէն եւ տիրապետութենէն, պատրա՞ստ ենք Քրիստոսի համար չարչարուելու, որպէս մեղաւորներ՝ խաչ բարձրանալու, մեր մեղանչական մարմինը թաղելու, որպէսզի կարողանանք Քրիստոսի հետ յարութիւն առնել, եւ ապրիլ նոր կեանք մը։ Իսկ եթէ գիտակցաբար շարունակենք մեր հին կեանքը՝ մեղանչական կեանքը, կը նշանակէ, որ մեր մէջ հին մարդը «չէ մահացած», կը նշանակէ, որ մենք չենք հաւատար, եւ չենք ճանչնար Քրիստոսը. «Ով որ Քրիստոսի միացած կը մնայ,  չի մեղանչեր. իսկ ով որ կը մեղանչէ՝ զայն երբեք տեսած ու ճանչցած չէ» (Ա. Յհ 3.6)։ Քրիստոսի մէջ ըլլալ, կը նշանակէ՝ միանալ Քրիստոսի, ան որ մեզի յաւիտենական կեանք կուտայ։ Իսկ երբ մեղքի մէջ ըլլանք, ի՞նչ կու տայ մեզի Ան, եթէ ոչ միայն՝ յաւիտենական դատապարտում եւ մահ. «Որովհետեւ մեղքի վարձատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած, որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով» (Հռ 6.23)։
Ահաւասիկ պատգամը Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան։ Հայ ժողովուրդը առաջին ազգը հանդիսացաւ, որ հոգեւորապէս մկրտուեցաւ, քրիստոնէութիւնը ընդունեց, դարձաւ Քրիստոսի ժառանգակիցը, ճանչցաւ ու հաւատաց Անոր, Անոր համար մեռաւ, թօթափեց հին մարդը՝ մեղանչական մարդը իր վրայէն, ամէն տեսակի տառապանք եւ նեղութիւն կրեց, ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ ու նահատակուեցաւ, քալեց Գողգոթայի ճանապարհով, խաչ բարձրացաւ, Քրիստոսի հետ թաղուեցաւ, բայց հաւատաց բացուող արշալոյսին, հրաշափառ յարութեան եւ յարութեամբ տրուած նոր եւ առաւել կեանքին։ Այսօր ո՞րն է մեր ճանապարհը. հին մեղանչակա՞ն կեանքը, թէ՝ յաւիտենական Արդարի՝ յարութեամբ նոր կեանք պարգեւող Նոր Ադամի՝ Քրիստոսի ճանապարհը՝ որ մարդը դէպի անմահ երջանկութիւն և յաւիտենական կեանք կ՛առաջնորդէ։
Ազգովին վերանորոգենք մեր հաւատքը, յարութեան շունչով քալենք դէպի պայծառ ապագայ, եւ յարութեան փառքով, լուսաւոր ճանապարհով դէպի աստուածային տուն, հայրական ուրախութեան վայելքը ժառանգելու։

*  *  *

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Սիրոյ  ջերմ  ողջունիւ՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

Ս. Զատիկ 2017

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us