«Այսօր մանկացեալ Փրկիչը կ’ուզէ մեր հոգիներու եւ սրտերու մսուրներուն մէջ խանձարուրով բնակիլ՝ Իր մեծ ու սքանչելի խորհուրդով։ Տեղ ունի՞նք…»
ՇԵՇՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգենորոգ տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան Ս. Պատարագ մատուցեց, հոգեցունց պատգամ փոխանցեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսի ցնծութիւնը տարածելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր առընթերակայութեամբ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանն ու սարկաւագաց դասը: Աղօթակից էին Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան, Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ շրջանի գործակից միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, ու Ղուկասու Աւետարանին բառերը մէջբերելով ըսաւ.- «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10)։
Ան նշեց, որ ամէն տարի եւ բոլոր դարերուն, եկեղեցին ձայն կու տայ ամբողջ աշխարհին, որ մարդիկ չվախնան Բեթղեհէմի Մսուրէն, այլ ցնծութեամբ վազեն Աստուծոյ փարախը՝ մեծ ուրախութեամբ փրկութեան աւետիսին բաժնեկիցը դառնալու, որովհետեւ, Քրիստոս ամէնէն խոնարհ պայմաններու մէջ ծնաւ, որպէսզի յիշեցնէ մարդուն, որ Աստուծոյ պատկերին մէջ բարութիւն, խոնարհութիւն եւ համեստութիւն պէտք է տեսնել, ու մեր պատկերը վերանորոգելով՝ մեր կեանքը պէտք է ապրինք բարութեամբ ու համեստութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարցաւ Ղուկաս աւետարանիչի այն հաստատումին, որ ցոյց կու տար, թէ Քրիստոսի ծննդեան ժամանակ մարդոց հոգիները խամրած ու թմրած էին ու չկար մէկ հոգի, որ տաքուկ անկիւն մը տրամադրէր Մարիամին՝ ծնելու իր անդրանիկ Որդին: Ի հետեւումն այդ հաստատման, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այսօր ալ աշխարհը եւ մենք, տարբեր չենք այդ ժամանակներու Բեթղեհէմի մարդոցմէ։ Այսօր ալ մանկացեալ Յիսուս կը թակէ մեր սրտերուն դռները, այնտեղ կրկին ծնելու համար։ Այսօր եւս մանկացեալ Փրկիչը իմ եւ քու խղճի դուռը կը թակէ, համբերատար եւ յուսալից։ Հիւրընկալելու տեղ ունի՞նք… Այսօր մանկացեալ Փրկիչը կ’ուզէ մեր հոգիներու եւ սրտերու մսուրներուն մէջ խանձարուրով բնակիլ՝ Իր մեծ ու սքանչելի խորհուրդով։ Տեղ ունի՞նք…
Իր պատգամի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որպէսզի դիմաւորեն ու հիւրընկալեն Փառաց թագաւորը, մանկացեալ Փրկիչը, բանան իրենց սրտերն ու հոգիները եւ ճաշակեն Յաւիտենական Հացը, որպէսզի երբէք քաղցած չմնան։ Ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Աստուածորդիին ծնունդը իւրաքանչիւր հայու համար ըլլայ ճշմարտութեան եւ յաւերժութեան առաջնորդող ճանապարհ մը։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։