11 Nov Ս. ԳՐԱՅԻՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՃԱՄԲԱՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ
Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքի երեխաներուն համար։ Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը...