Շաբաթ, 8 Մայիս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմը առցանց գումարեց իր 64/21-րդ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Ազգային Երերեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց կազմերէն հրաւիրեալներու եւ Ազգային Առաջնորդարանի հարկէն ներս ծառայող Խորհուրդներու եւ Յանձնախումբերու անդամներուն։
ժողովը մանրակրկիտ քննեց Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ ընտրեց Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան նոր կազմերը:
Ժողովը սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքով: Ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ Նորին Սուրբ Օծութիւնը գնահատանք կ’արձանագրէր Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան տարած աշխատանքներուն եւ յաջողութիւն կը մաղթէր այս ժողովի աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ, Ժողովը անցաւ օրակարգերու գործադրման եւ ընտրեց իր Դիւանը, յանձին՝ Տիար Յակոբ Պուլկարեանի (Ատենապետ) եւ Տիար Կարպիս Մէշէֆէճեանի (Ատենադպիր)։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Եկեղեցական Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Երեսփոխաններուն, Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ Գործակից Միութիւններու անդամներուն, Հորիզոն Շաբաթաթերթի Վարիչ Խմբագրին, եւ գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցներուն՝ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն, խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու անդամներուն, ապա, ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Թեմիս աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելով այն առաջադրանքները, որոնք կը կարօտին ճիգերու աւելի եւս լարումի:
Նստաշրջանի օրակարգերուն ընթացքին քննուեցան Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնն ու տեսլականը յառաջիկայ տարիներուն: Ժողովը լսեց Արխիւային յանձնախումբի զեկոյցը, հաշուական տեղեկագիրն ու հաշուեքննիչ յանձնախումբին գնահատականը, ինչպէս նաեւ Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան զեկուցումները։ Ժողովականներուն ուղղած հարցումները գտան սպառիչ պատասխաններ։ Մեկնելով տեղեկագիրներէն ու զեկուցումներէն, եւ յետ ըստ էութեան քննարկման եւ եզրակացութեան՝ Ժողովը «գերազանցապէս գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց տարուած բազմաճիւղ իրագործումներուն մասին։
Վերջին օրակարգին, ժողովը անցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան 2021-2022 տարեշրջանի նոր կազմերու ընտրութեան օրակարգին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմը.-
Կրօնական Ժողովը կը ներկայացնեն՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, ատենապետ, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, քարտուղար եւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան: Իսկ Ազգային Վարչութիւնը՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, ատենապետ, Տիկին Աննա Պուլկարեան, ատենադպիր, Տիկին Մարիա Քէօսէյեան, գանձապահ, Օրդ. Թալին Ապրագեան, Տիկին Արփի Աշքարեան, Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, Պրն. Նազար Չաթալեան, Պրն. Նորայր Պէզճեան եւ Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան:
Նստաշրջանի փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան գնահատանք արձանագրեց շրջանաւարտ կազմերուն՝ անոնց տարած անձնդիր աշխատանքներուն համար, ու շնորհաւորելով նորընտիր կազմերը՝ բարի երթ մաղթեց Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան։
Նստաշրջանը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։