ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 58/15-րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 13-14 Մայիս 2016-ի շաբաթավերջին, Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Լաւալ, Քէպէգի մէջ։
Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին, եւ կրկին շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը, իր խիզախ եւ աննախընթաց պահանջատիրութեան՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ Արցախեան պահանջատիրութեան ու անոր գոյատեւման ի խնդիր իր ցուցմունքներն ու ղեկավար հոգեւորականի օրինակելի այցելութեան համար, որ քաջալեր հանդիսացաւ Հայ Բանակին։
Ժողովը իր պաշտօնական նամակը յղեց Գանատայի Վարչապետ Նորին Վսեմութիւն Ճասթըն Թրուտոյին, ուր շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը որպէս Գանատայի Վարչապետ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիայէն ժամանած ներգաղթողներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած յատուկ վերաբերմունքին համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Արցախի վերջին անցուդարձերուն մասին եւ վերջապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր շարունակական նեցուկին համար։ Նոյնանման պարունակութեամբ, ժողովս նամակով մը իր երախտագիտութիւնը եւս յայտնեց Քէպէգի Վարչապետ՝ Ֆիլիփ Քույաղին։
Գանատայի Ազգային 58/15-րդ Երեսփոխանական ժողովը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Թեմիս եկեղեցիներուն ազգային եւ եկեղեցական բազմակողմանի հարցերուն եւ գլխաւորաբար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց՝ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, ազգային պահանջատիրութեան եւ մանաւանդ Գանատա ժամանող Սուրիոյ հայութեան մեր հարազատներու ամէնօրեայ օժանդակութեան գծով:
Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանին՝ Հայրապետական Ներկայացուցիչին, որ վերջին ամիսներուն դարձաւ պահապանը Գանատայի Հայոց Թեմին։
Այս առիթով, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովս անգամ մը եւս վերահաստատեց իր անվերապահ պատկանելիութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ընտրութիւն, Ազգային Պատգամաւորներու ընտրութիւն, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւն։
Ի դիմաց Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին՝
ԴԻՒԱՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի
Լաւալ, Քէպէգ
14 Մայիս 2016