Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Պատարագեց
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կէսօրէ ետք, Սրբազան Հայրը SKYPE-ի միջոցով կապ հաստատեց Վանգուվըրի գաղութին հետ եւ վկայաբանեց Սուրիոյ կացութեան մասին։
Նոյն երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն նուիրուած «Դպրոց Հիմնադրամ»ին։
Երկուշաբթի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին, մեկնեցան Գէմպրիճ, ուր երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք։
Նոյեմբեր 4-6, Շահան Արքեպիսկոպոս պիտի այցելէ Թորոնթոյի գաղութը ուր տեղի պիտի ունենայ Ժողովրդային զօրակցական հաւաք եւ ընդունելութիւն, նուիրուած «Դպրոց Հիմնադրամ»ին։







