Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց
Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն
Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2018-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, ատենապետ Կրօնական Ժողովի եւ տիկին Ծովիկ Թերզեանի, ատենապետ Ազգային Վարչութեան եւ Դիւանապետին, այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի ժողովականութեան եւ ողջ ժողովուրդին, շնորհաւորեց նոր Սաhմանադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի կողմէ ընտրուած Հայաստանի 4-րդ Նախագահ՝ պրն. Արմէն Սարգիսեանի ընտրութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Հայաստանի պետականութիւնը իր բանակով եւ ժողովուրդով առաւել հզօրանայ եւ բարքաւաճի։
Այս առիթով, Գանատայի մօտ նորանշանակ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան մեծարգոյ պրն. Լեւոն Մարտիրոսեանին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք, Հայաստանի եւ Գանատայի պետութեանց միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական գործակցութիւն եւ բարեկամութեան առաւել սերտացում։