Նորօրհնեալ Սուրբ Միւռոնով ջրօրհնէքի եւ Թեմիս եկեղեցիներ հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Կիրակի, 31 Յուլիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Նորօրհնեալ Սուրբ Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց, եւ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Լիզպոնի հինգ հերոսներու նահատակութեան 39-րդ տարելիցին առթիւ:
Պատարագիչն էր Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը: Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանն ու անդամներ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ շրջանի գործակից միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Ս. Պատարագի ընթացքին, «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. միւռոնի հեղումով կատարեց աւանդական ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ի նշան՝ մաքրութեան, սրբութեան ու առողջութեան:
Հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին խօսեցաւ օրուայ աւետարանական ընթերցումին՝ Մատթէոս Աւետարանի 5րդ գլուխի «Լեռան Քարոզ»ին եւ իննը երանիներուն մասին: Ապա, անդրադառնալով 1 Յուլիս 2022-ի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը նուիրական ու խորհրդալից արարողութիւն է։ Օրհնութեան ընթացքին, Միւռոնը կը դադրի ձէթ ու ծաղիկ, բալասան ու խնկեղէն նիւթ ըլլալէ, այլ՝ աղօթքի ու հաւատքի ճամբով եւ Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ կ’այլափոխուի եւ կը դառնայ խորհրդանիշ երկնային շնորհաց բաշխման։ Միւռոնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդուն մէջ, որովհետեւ Սուրբ Հոգին ենթակային մէջ իջնելէն յետոյ՝ ան կ’ըլլայ «շնորհաց ընդունարան», «կնիք երկնաւոր պարգեւաց եւ անապականութեան»։ Ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Սրբալոյս Միւռոնի կաթիլները հոգեւոր ցնծութեան եւ պայծառացման առիթ ըլլան մեզի համար, մաքրէ ու սրբէ մեզ մեր մեղքերէն, բժշկութիւն պարգեւէ եւ Սուրբ Հոգիով շնորհազարդէ ամբողջ հայ ազգը։
Պատգամի վերջին բաժինով, Առաջորդ Սրբազանը վեր առաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութենէն բխած անժամանցելի պատգամները, յիշեցնելով, որ 39 տարի առաջ, 27 Յուլիսին, հինգ հայորդիներ յանդուգն գործողութիւն կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ, իրենց կեանքերուն եւ արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, որ Ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, չի՛ մոռցուիր, Հայ ժողովուրդը տէրն է իր անսակարկելի իրաւունքներուն, չ’ընդունիր իր հողային եւ ազգային ամբողջական ժառանգութիւններէն զիջում կատարել, այլ յարատեւօրէն պիտի մրճահարէ աշխարհի խիղճն ու յիշողութիւնը, որպէսզի հայուն վերադարձուին իր պատմական հողերը, արդար հատուցում կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ այլ կորուստներուն համար։
Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Լիզպոնի տղաքը ոչ միայն պատմութիւն կերտեցին ու պատմութեան անցան, այլ նաեւ անցեալ դարերուն հետ կամուրջ մը դարձան եւ իբրեւ մշտական լուսատու փարոս կանգնեցան դէպի այսօրն ու մեր ապագան երկարող ճամբուն դիմաց, եւ անոնց հոգին առ այսօ՛ր արմատաւորուած է Արցախի ու Հայաստանի սահմանները պաշտպանող մեր կտրիճ զինուորներուն ու կամաւորներուն կամքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային արժանապատուութիւն ու արժէքներ կրող իւրաքանչիւր հայորդիի մէջ։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներու հոգւոց խաղաղութեան համար եւ օրհնուած ջուր բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն, որպէսզի Ս. Միւռոնի բժշկարար եւ օրհնաբեր զօրութեամբ ամրապնդուին եւ զօրանան: