«ՔՐԻՍՏՈՍ Է ՃՇՄԱՐԻՏ, ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇՏՆՋԵՆԱԿԱՆ ԼՈՅՍԸ»
ՇԵՇՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ եւ հոգենորոգ տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, որուն ընթացքին ընթերցուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Ս. Ծննդեան պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց, հոգեցունց պատգամ փոխանցեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսի ցնծութիւնը տարածելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքին մէջ:
Խուռներամ հաւատացեալներու կողքին, Ս. Պատարագին ներկայ էին Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամներ, Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ շրջանի գործակից միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, հիւպատոս Արա Մկրտչեանն ու Գանատայի պետական ներկայացուցիչներ:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, ու նշեց, որ Քրիստոս երբ Իր Աստուածային բարձունքէն խոնարհեցաւ, եկաւ այս աշխարհ, իբրև Լոյս, ամէն ինչ փոխուեցաւ. Ոչ մէկ բան այլեւս նոյնը մնաց, վերացականը դարձաւ իրական և թանձրական, Լոյսը դարձաւ մարմին։
«Աստուած տեսաւ, որ մարդը անօգնական էր, ան պէտք ունէր փրկարար ձեռքի մը, պէտք ունէր օժանդակ ձեռքի մը, վեր հանելու զինք այդ անկեալ վիճակէն, խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդելու, ազատագրելու մեղքի ճիրաններէն եւ փրկութեան ճամբով հասցնելու Իրեն՝ Ամենակալին», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ շեշտեց, որ «Քրիստոսի աշխարհ գալուստը մարդկութեան տրուած մեծագոյն պարգեւն էր եւ համեստութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան թելադրանք: Մեր Փրկիչը երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի մեզ մօտեցնէ Իրեն, եւ Իր մարմնացումով ու մանկացումով իւրաքանչիւրս իրարու մէջ տեսնենք զԻնք՝ իբրեւ խաղաղութեան, ու արդարութեան իշխան»։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները ըսելով.- «Քրիստոս է ճշմարիտ, յաւիտենական եւ մշտնջենական Լոյսը, ուստի բանանք մեր աչքերը՝ տեսնելու համար սփռուած լոյսին գեղեցիկութիւնը, չէ՞ որ լոյսով է գեղեցիկ ամէն ինչ»։
Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան ու երեսփոխաններուն, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներուն, նուիրեալներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, եւ մաղթեց, որ խաղաղութիւն տիրէ աշխարհի վրայ եւ սէր ու հաճութիւն՝ մարդոց միջեւ։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։