ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ
2 0 1 4

Պ Ա Տ Գ Ա Մ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ բացուող Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ մաղթելով երկնային բարիքներով լեցուն հարուստ ու երջանիկ օրեր։

Մեր նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը ձօնենք մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող արժէքի մը, երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ նպատակի մը, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները ամբողջ տարուան ընթացքին այդ մասին խորհրդածելու, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ու մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու՝ ի խնդիր մեր ազգի առաւել ծաղկման, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր հայրենիքի հզօրացման։

Այս ակնկալութեամբ, 2013 տարին հռչակած էինք «Հայ Մօր Տարի»։ Մեր գաղութներէն ներս տեղի ունեցան բազմազան ձեռնարկներ ու վերաշեշտուեցաւ հայ մօր վիճակուած եզակի դերը, յատկապէս նոր մտահոգութիւններով, տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներ-կայ ժամանակներուն։ Նկատի ունենալով հայ ընտանիքէն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն ներս տարեց սերունդին կատարած յոյժ կարեւոր դերը ու անոր նկատմամբ մեր ունեցած խոր սէրն ու բարձր յարգանքը, 2014 տարին կը հռչակենք՝ «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»։

Արդարեւ, կար ժամանակ երբ ընկերութեան կեանքի լուսանցքին վրայ ապրող դասակարգ մը դարձած էին տարեցները։ Կարգ մը ընկերութիւններու մօտ անոնք առօրեայ կեանքէն ամբողջութեամբ հեռացած եւ ընդհանրապէս հանգստեան տուներու մէջ ապրող «երէց քաղաքացիներ» կը նկատուէին։ Եւ այս մտայնութենէն մեկնած, իւրայատուկ մօտեցումներ կազմաւորուած ու վարուելակերպեր ձեւաւորուած էին տարեցներուն նկատմամբ։ Այսօր, սակայն, փաստօրէն շրջուած է ընկերութեան մօտեցումը տարեց սերունդին հանդէպ. ընկերութեան կեանքին մէջ տարեց սերունդին աշխոյժ ներկայութիւնը ակներեւ է։ Պետութիւններ յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող անձերուն նկատմամբ ճիգ չեն խնայեր որ անոնք լաւագոյն պայմաններու մէջ ապրին իրենց երկրաւոր կեանքի վեր-ջալոյսը։ Յատկապէս արեւմտեան ընկերութենէն ներս մեծածախս ծրագիրներ կը մշակուին տարեցներու կենցաղային, բնակարանային, տնտեսական ու ընկերային երեսներուն առնչուած։ Նաեւ մեր ժողովուրդին վերաբերումը հին սերունդին նկատմամբ սկսած է փոխուիլ վերջին տասնամեակներուն։ Սակայն կը սպասենք աւելի՛ն։

Ա.
Տարեցները Աստուածաշունչին մէջ

Որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, մեր կեանքին առընչըւած ոեւէ երեւոյթի գծով պէտք է նայինք Աստուածաշունչին, անկէ առնելու մեր ճիշդ մեկնակէտը եւ յստակ ուղղութիւնը։

Հին Կտակարանին մէջ “ծեր” եւ “երէց” բառերը կը գործածուին ընդհանրապէս որպէս հոմանիշ եւ անոնք յիշուած են բազմաթիւ առիթներով ու զանազան իմաստներով։ Այսպէս, երէց կամ ծեր կը կոչուէին քաղաքի մը երեւելիները ու դատաւորները (Ա. Թագ. 8.4), քաղաքի մը կամ տան մը ազնուականներն ու իշխանները (Ծննդ. 50. 7), ցեղերու եւ գերդաստաններու առաջնորդները (Թուոց 11.16-17) եւ կամ ազգի մը գլխաւոր դէմքերն ու ղեկավարները (Ելից 3.16)։ Երեցներուն պաշտօնն էր, որպէս փորձառութիւն ու վաստակ ունեցող անձեր, ժողովուրդի կեանքէն ներս յառաջացած հարցերուն լուծումներ առաջարկել, ժողովուրդին դիմագրաւած մտահոգութիւնները քննել, անոնց կարիքներուն ընդառաջել եւ առաջնորդի դեր կատարել։

Նոր Կտակարանին մէջ նոյնպէս երէցներ կը նկատուէին եկեղեցիներու առաջնորդներն ու քահանաները (Ա. Պետրոս 5.1-2), քաղաքներու ղեկավար դէմքերը (Ղուկ. 7. 3), ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք նախանձախնդիր էին անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւններու առողջ պահպանման (Մատթ. 15.1-2)։ Երէցներուն պարտականութիւնն էր մօտէն զբաղիլ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ստեղծուած խնդիրներով (Գործք. Առաք. 15.1-3), անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարել հաւատացեալներուն (Գործք. Առաք. 16.4), ջանադիր ըլլալ եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնի պահպանման, (Մատթ. 15.1-2), քաջալեր ըլլալ Աստուծոյ խօսքի տարածման (Ա. Պետրոս 5.1-2), ապահովել եկեղեցւոյ տնտեսական եկամուտը (Գործք Առաք. 11.29-30) եւ անհրաժեշտութեան պարագային ժողովներ գումարել եկեղեցիէն ներս ծագած հարցերը քննելու (Ղուկ. 22.66)։

Երէցներու կամ ծերերու յաճախակի յիշատակումը Աստուածաշունչին մէջ յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ անոնք ընկերութեան կեանքի մայր էջէն դուրս մնացած անձեր չեն եղած, այլ նո՛յնիսկ աստուածային յայտնութեան ծիրէն ներս անոնք կարեւոր տեղ ու դեր ունեցած են։ Տարեցները նկատուած են հոմանիշ խոհեմութեան, իմաստութեան, փորձառութեան, արդարամտութեան եւ հետեւաբար՝ ստանձնած են ղեկա¬վարի պատասխանատըւութիւն։ Իր փրկագործական ծրագրի իրականացման մէջ, Աստուած յատուկ տեղ է տուած տարեցներուն. յիշենք, օրինակի համար, Աբրահամն ու Սառան (Ծննդ. 17. 17), Զաքարիան ու Եղիսաբէթը (Ղուկ. 1.7-36)։ Յիշենք նաեւ Աստուծոյ օրհնութեան արժանացած երեք ծերունիները.- Ենովք Ծերունին, որ իր ողջ կեանքի ընթացքին “Աստուծոյ հետ քալեց”, եւ ատոր համար ալ Աստուած զինք իր քովը հրաւիրեց՝ ինչպէս կը վկայէ Աստուածաշունչը (Ծննդ. 5.24)։ Սիմոն Ծերունին, որ, ինչպէս կը նկարագրէ Աւետարանը, “արդար եւ աստուածավախ էր… Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ” (Ղուկ. 2.25-26)։ Աննան, որ մարգարէուհի մըն էր, եւ դարձեալ Աւետարանիչին բառերով՝ “տաճարէն չէր հեռանար, այլ ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցերեկ” (Ղուկ. 2.36-37)։

Բ.
Տարեցները եկեղեցւոյ կեանքին մէջ

Եկեղեցւոյ հայրերը թէ՛ Աստուածաշունչի մեկնաբանութեան եւ թէ եկեղեցւոյ պատմութեան յատկացուած իրենց գրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ տուած են տարեցներուն, միշտ մեկնելով աստուածաշնչական վկայութիւններէն ու դէպքերէն։ Անոնք ընդգծած են քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան ու եկեղեցւոյ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ տարեցներուն վերապահուած իւրայատուկ դերը։ Արդարեւ, եկեղեցւոյ հայրերը այնքա՜ն ուսանելի թելադրութիւններ ու վկայութիւններ ունին տարեցներուն մասին. օրինակ Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը ծեր մարդը կը նմանցնէ հին գինիին ըսելով թէ՝ գինին որքան հիննայ աւելի արժէք կը ստանայ, նոյնպէս ալ Աստուծոյ հոգիով լեցուն մարդը երբ հիննայ, այսինքն ծերանայ, աւելի արժէք կը ստանայ ու ընկերութեան օգտաշատ կը դառնայ։

Բնականաբար, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, տարեցներուն նկատմամբ յատուկ յարգանք ու հոգածութիւն ունեցած է նաեւ մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին։ Մեր եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն ու Մեծն Ներսէսէն սկսեալ մինչեւ Ս. Ներսէս Շնորհալի, Խրիմեան Հայրիկէն սկսեալ մինչեւ վերջին ժամանակներու մեր հայրապետները, իրենց հովուապետական ծառայութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն տուած են տարեցներուն, ո՛չ միայն շեշտելով մեր ազգին տարեցները միշտ ուշադրութեան առարկայ դարձնելու հրամայականը, այլ նաեւ՝ անոնց համար ծերանոցներ ու հանգստեան տուներ շինելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս գծով մեր եկեղեցին եւս գործնական քայլերու դիմած է հին ժամանակներէն սկսեալ։ Չմոռնանք որ մեր կեանքի կրօնական, քաղաքական, մշակութային, կրթական ու այլ բնագաւառներէն ներս, շատեր եզակի դեր կատարած են ու կարեւոր ներդրում ունեցած՝ իրենց յառաջացած տարիքին մէջ։

Գ.
Յարգել եւ խնամել տարեցները

Ընկերութեան կեանքին մէջ տարեցներու ներկայութեան ու դերակատարութեան գծով ուրուագծային կերպով ներկայացուած պատկերը՝ թէ՛ Աստուածաշունչին, թէ՛ եկեղեցւոյ հայրերուն եւ թէ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ յստակօրէն ի յայտ կը բերէ տարեցներու մօտ հետեւեալ նկատառելի յատկանիշները.- խոհեմութիւն,հանդարտամտութիւն, արդարամտութիւն, ժուժկալութիւն ու փորձառութիւն։ Մարդկային կենցաղակերպին, մտածելակերպին ու գործելակերպին կապուած այս հինգ յատկանիշերը, առաւել կամ նուազ չափով, կը տեսնենք տարեցներուն մօտ բոլոր ժամանակներուն մէջ։ Անոնք սովորական արժանիքներ չեն, այլ՝ մարդկային կեանքին խորք ու իմաստ, արժէք ու նպատակ տուող արժէքներ ու արժանիքներ, որոնց բացակայութիւնը մեր կեանքը մեծ չափով պիտի աղքատացնէ։

Տարեցները իրե՛նք եւս պէտք է անդրադառնան, թէ իրենք յիշեալ եզակի արժանիքներով օժտուած են, եւ հետե¬ւաբար, կոչուած են տարիներու ընթացքին իրենց վաստակած հոգեմտաւոր հարստութիւնը ու կեանքի փորձառութիւնը ի սպաս դնելու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս մեր երիտասարդ սերունդի զարգացման ու յառաջդիմութեան այնքան հրամայական գործին։ Տիտոսի գրքին մէջ կը կարդանք թէ երէցները օրինակ պէտք է դառնան հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան, զգաստութեան եւ ժուժկալութեան (2.2)։

Արդարեւ, տարեց սերունդը աւիշը կը կազմէ ընկերութեան, հիմքը՝ ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը՝ ոեւէ կազմակերպութեան։ Մեր ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն, սէր, խնամք ու յարգանք պէտք է ցուցաբերէ իր տարեց սերունդին նկատմամբ։ Հետեւաբար՝
Առաջին, անհրաժեշտ է պաշտպանել տարեցները։ Բացարձակապէս ընդունելի չէ, որ տարեցները մեր կեանքէն հեռու, մեր կեանքի լուսանցքին վրայ ապրող անզօր, անպաշտպան ու անտէր մարդիկ նկատուին։ Երբեմն ականջալուր կþըլլանք նման դատապարտելի մտայնութիւններու, մօտեցումներու ու գործելակերպերու։ Տարեցներուն գերագոյն պաշտպանը ա՛զգն է՝ իր բոլոր խաւերով ու պատասխանատուներով։ Տարեցները անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմեն մեր հայրենիքին, մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, մեր ո՛ղջ ժողովուրդին։ Չմոռնանք սակայն, որ տկարութեան կամ դժուարութեան մէջ գտնուող ծերունիին տէրը առաջին հերթին իր ընտանիքն է, իր զաւակներն են։ Պատասխանատուութեան այս ոգին պէտք է խորապէս արմատանայ մեր ազգի զաւակներուն գիտակցութեան մէջ։

Երկրորդ, անհրաժեշտ է յարգել տարեցները։ Աստուածային պատուիրան է տարեցները յարգելը. ան նաեւ մարդկային կեանքի հիմնական օրէնքն է։ Տարեցները պէտք է յարգել երկար տարիներ իրենց կատարած ծառայութեան, վաստակած փորձառութեան ու ձեռք ձգած իմաստութեան համար։ Տարեցները պէտք է յարգել անոնց հետ մեր մշակած յարաբերութեան ճամբով ու երբ կը գտնուինք անոնց ներկայութեան։ Տարեցները հարկ է յարգել մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին սիրոյ ու գուրգուրանքի յատուկ վերաբերում ունենալով անոնց նկատմամբ։ Երբեմն նոր սերունդին մօտ կը տեսնենք անտարբեր վերաբերում տարեցներուն հանդէպ։ Այս վարքագիծը խոտոր կը համեմատի մեր ժողովուրդի քրիստոնէական թէ ազգային ըմբռնումներուն, եւ հետեւաբար՝ զայն կը նկատենք անընդունելի։ Հին սերունդին եւ ընդհանրապէս երէցներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելը առանցքային տեղ պէտք է գրաւէ նոր սերունդի դաստիարակութեան մէջ։

Երրորդ, անհրաժեշտ է լսել տարեցները։ Ընդհանրապէս մեր կեանքին մէջ հակամէտ ենք խօսելու, թելադրելու, հրահանգելու։ Լսելը ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ իմաստութեան կ’առաջնորդէ մարդը։ Ճիշդ բաներ լսելու համար անհրաժեշտ է դառնալ տարիներու ընթացքին փորձառութիւն ձեռք ձգած տարեցներուն՝ անոնց կեանքէն քաղուած օրինակները, դրական կամ ժխտական, մեր կեանքին դիմաց ունենալու ու մեր կեանքին ուղեցոյցը դարձնելու։ Արդարեւ, նոր սերունդը շատ բան ունի սորվելիք հին սերունդէն։ Որքան ալ ներկայ աշխարհը իր հսկայ զարգացումով օժտած ըլլայ նոր սերունդը, տարեցներու կեանքի փորձառութիւնը իր կարեւոր տեղը ունի մասնագիտութեան կողքին։

Չորրորդ, անհրաժեշտ է խնամել տարեցները։ Տարիքի բերումով տարեցները կարիքը ունին խնամքի, ամէ՛ն իմաստով։ Ընտանիքին աւագ պարտաւորութիւնն է իր տան մաս կազմող տարեցին խնամք ու հոգածութիւն ցուցաբերելը։ Երբեմն կ’իմանանք, որ զաւակներ յառաջա-ցած տարիքի մէջ գտնուող իրենց ծնողներուն նկատմամբ անհոգ ու անպատասխանատու վերաբերում ցոյց կու տան, նիւթական իրենց նուազագոյն պարտականութիւնն իսկ զլանալով։ Այս ցաւալի ու մեծապէս դատապարտելի երեւոյթը միանգամ ընդմիշտ պէտք է հեռանայ մեր կեանքէն։ Քրիստոնէական ու մարդկային իմաստով մեղաւոր է այն անձը, որ իր ալեհեր ծնողքին նկատմամբ կը թերանայ իր որդիական պարտաւորութիւնը արժանավայել կերպով ու լիովին կատարել։ Իսկ եթէ տարեց մը անտէր է, ընտանիք ու ազգական չունի, ինչպէս շեշտեցինք, անոր պաշտպանը ու խնամատարը պէտք է ըլլայ ազգը. եւ փաստօրէն միշտ այդպէ՛ս եղած է։

Արդարեւ, ո՛չ միայն հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին, այլ այսօ՛ր եւս, պատի’ւ մեր ժողովուրդին, մեր տարեցներուն նկատմամբ մենք կը շարունակենք յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել։ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Միացեալ Նահանգներու մէջ, թերեւս նաեւ այլ տեղեր, ունինք լաւապէս կազմակերպուած ծերանոցներ ու հանգստեան տուներ, երբեմն ուղղակի եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը ու երբեմն քաջալերանքը վայելող, ուր տարեց սերունդին պատկանող մեր ազգին զաւակները ապաստան կը գտնեն եւ կը ստանան նաեւ բժշկական խնամք։ Զանազան գաղութներէն ներս ունինք նաեւ ընկերային ու բարեսիրական միութիւններուն կողմէ հաստատուած ընկերաբժշկական կեդրոններ, ուր կը դիմեն յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող մեր հայրերն ու մայրերը օգտուելու անոնց բժշկական ու ընկերային ծառայութիւններէն։

Դ.

Ներկայ տարին “Տարեցներու Տարի” հռչակելով կ’ուզենք հայրապետական Մեր բարձր գնահատանքը յայտնել տարեց սերունդին օգտակար հանդիսացող մեր բոլոր միութիւններուն, բարերարներուն, խնամակալութիւններուն, բժիշկներուն ու բոյժքոյրերուն։ Սիրելիներ, ինչ որ կը կատարէք՝ աստուածահաճոյ գործ է։ Միշտ յիշեցէք Աւետարանի «Բարի Սամարացի»ին առակը (Ղուկ. 10.30-37) եւ շարունակեցէ՛ք ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը առաւե՛լ հաւատքով ու նուիրումով։

Մեր խոր գնահատանքն ու ջերմ շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել նաեւ Զուիցերիոյ, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու ու Դանիոյ եկեղեցիներուն ու բարեսիրական այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ցեղասպանութենէն յետոյ ծերանոցներ հաստատեցին Լիբանանի, Սուրիոյ ու Յունաստանի մէջ եւ ապա զանոնք փոխանցեցին մեր ժողովուրդին՝ որոշ չափով նաեւ շարունակելով իրենց նիւթական նպաստը անոնց գործունէութեան։

Այս առիթով, մեր ջերմ թելադրութիւնն է.-
ա) Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարեց անդամներուն նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւն ցուցաբերել բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ։
բ) Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ տարեցներուն նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքը, սէրն ու նախանձախնդրութիւնը անհրաժեշտ է աւելի խորացնել։ Այս ուղղութեամբ մեր ընտանիքները, դպրոցներն ու ակումբները վճռական դեր ունին կատարելիք։
գ) Անհրաժեշտ է նիւթապէս սատարել գործող ծերանոցներու եւ ընկերաբժշկական կեդրոններու գործունէութեան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել եւս բարելաւել ու ծաւալել իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը։
դ) Տարեցներու գծով մեր հոգածութիւնը աւելի կազմակերպ դարձնելու մտահոգութենէն մղուած, անհրաժեշտ է նոր ծրագիրներ մշակել արդիական ու մասնագիտական մօտեցումներով։ Մեր ունեւոր ազգայինները պէտք է լրջօրէն մտածեն յիշեալ կարիքներուն մասին։

Արդարեւ, ցեղասպանութենէն յետոյ մենք տեսանք լուռ տառապանքը ջարդ ու աքսոր ապրած մեր հայրերուն ու մայրերուն։ Անոնց յաջորդեց որբերու սերունդը, որ ինք եւս ապրեցաւ ցեղասպանութեան ահաւոր հետեւանքները։ Մեր ներկայ տարեցներուն մէկ մասը որբերու սերունդին կը պատկանի իսկ միւս մասը՝ գաղթական դարձած ու հիւղաւաններու կեանքը ապրած սերունդին։ Այսօր ու միշտ մենք երբե՛ք, երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն ապրած տառապալից կեանքը։ Տարեց սերունդը իր խոր հաւատքով, ամուր կամքով, չարքաշ աշխատանքով ու վառ տեսիլքով կերտեց մեր ժողովուրդի վերածնունդը։ Այսօր ի՛նչ որ ենք, ինչ որ ունինք, կը պարտինք հին սերունդին։ Պատի՛ւ ու յարգա՜նք մեր հին սերունդին։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, եկէ՛ք երախտագիտական խոր զգացումով ու հաւատարմութեան ոգիով յիշենք մեր այն բոլոր տարեցները, որոնք զոհ դար-ձան ցեղասպանութեան։ Եկէ՛ք յիշենք նաեւ այն որբերը, որոնք աւիշը դարձան մեր ժողովուրդի յարութեան ու յուշարարը՝ պահանջատիրութեան։

Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր թեմերու Թեմակալ Առաջնորդներուն ու Ազգ. Իշխանութեանց եւ մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, այս մտածումներով ու սպասումներով առաջնորդուած 2014 տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներու ու գործնական քայլերու ճամբով առաւել խորացնելու տարեց սերունդին նկատմամբ մեր հոգածութիւնը, սէրն ու յարգանքը։
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալ Աստուած որ Իր երկնային խնամքին ու պաշտպանութեան ներքեւ միշտ պահէ յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող մեր հայրերն ու մայրերը, իրենց կեանքը լեցնելով առողջութեան ու երջանկութեան առատագոյն բարիքներով։
Հայրական ջերմ սիրով եւ օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ