Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան՝
Հոգեշնորհ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան
Հոգեւոր Առաքելութեամբ Ժամանեց Գանատա
Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի հրաւէրով եւ տնօրինութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Նոյեմբեր 1-13, 2013-ին, Գանատա այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, Հոգեշնորհ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան՝ փոխ-տեսուչ Դպրեվանքի եւ Խմբավար «Շնորհալի» երգչախումբի։
Հայր Թորգոմ հրաւիրուած էր յատկապէս, Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին կազմակերպած «Դպրաց Դասերու Համագումար»-ին իր մասնակցութիւնը բերելու որպէս գլխաւոր դասախօս ։
Հայր Սուրբը Գանատա կեցութեան ընթացքին, մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հողօրհնէքի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2013-ի՝ Եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որուն ընթացքին Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս Թորգոմ Վարդապետ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներու հետ եւ անոնց խօսեցաւ «Հայ երիտասարդը, Աստուածաշունչը եւ Եկեղեցինե նիւթին շուրջ»: Հայր Սուրբը ըսաւ.- «երիտասարդներ կոչուած են իրենք զիրենք տեսնել Աստուածաշունչ հայելիին ընդմէջէն: Աստուածաշունչը ուղեցոյցն է հայ երիտասարդին, ան սրբազան դասագիրքն է, որ ժողովուրդին մատչելի կը դառնայ եկեղեցւոյ ճամբով»: Դասախօսութեան յաջորդեց մտերմիկ եւ սրտբաց խօսակցութիւն Հայր Սուրբին եւ ներկայ երիտասարդներուն միջեւ:
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6-ի առաւօտեան, Հայր Թորգոմ պատգամեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր քոյրերուն, խօսելով «Ի՞նչպէս կարելի է աղօթքը կեանքի վերածել» (Աղօթքի Կենսաբանութիւնը) նիւթին մասին, կատարելով հաւատարծարծ խորհրդածութիւններ։ Իր պատգամին մէջ, Հայր Սուրբը խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան մասին, հայ մօր ու հայ կնոջ կեանքին ու առօրեային մէջ: Հայրը Սուրբը շեշտեց, թէ աղօթքը Աստուծոյ հետ մտերմանալու եւ միանալու ամէնէն ճիշտ միջոցն է: Ան եզրակացնելով ըսաւ.- «Հայ կինը կոչուած է Աստուածամայրը մարմնաւորելու եւ Անոր նման աղօթքը ապրելու ու կեանքի վերածելու»:
Նոյն երեկոյեան, Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեան ելոյթ ունեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Յովնանեան Սրահ»ին մէջ, եւ դասախօսեց Սփիւռքի տարածքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեշնչող դերին եւ Դպրեվանքի հոգեմատոյց ու սրբազան առաքելութեան մասին։ Հայր Սուրբը ընդարձակ կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը: Ան ըսաւ.- «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սփիւռքի հայութեան կեդրոնն է եւ հայ ժողովուրդին լուսեղէն փարոսը: Մեր Սուրբ Աթոռը յատկապէս Մեծ Եղեռնէն ետք, եղաւ հաւատքի առաքելութեան տարածիչը, հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն պաշտպանը ու Հայ Դատի ջահակիրը»: Խօսելով Դպրեվանքի մասին, Հայր Սուրբը անդրադարձաւ անոր յոյժ կարեւորութեան եւ իր բազմերես առաքելութեան մասին: Ան ըսաւ.- «Դպրեվանքը Հայ ժողովուրդին Քորեբ լեռն է, ուր Աստուծոյ քարոզիչները ու ժողովուրդին ,ազատիչներըե Մովսէսի նման կը հանդիպին Աստուծոյ հետ, կը լեցուին հոգեմտաւոր արժէքներով եւ կ’իջնեն հոգեշունչ լեռնէն, ժողովուրդին ծառաներ դառնալու համար»:
Նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2013-ին, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի «Փոստաճեան Սրահ»-ին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 50 դպիր ու դպրուհիներու, տեղի ունեցաւ Դպրաց Դասերու տարեկան համագումարը, որուն գլխաւոր դասախօսն էր Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը։ Համագումարի նիւթերն էին՝ «Դպիրներուն եւ սարկաւագներուն տրուած ծառայական իրաւունքները՝ ձեռնադրութեան խորհուրդին ընդմէջէն», «Դպիրներու եւ սարկաւագներու զգեստները եւ գործածած սպասներն ու անոնց խորհրդանշանական իմաստներըե, ,Ի՞նչ կը նշանակէ շարական», «Երգե՞լ թէ աղօթել» եւ կատարեց կարգ մը շարականներու ուսուցումը։ Հայր Թորգոմին գօտեպնդիչ դասախօսութիւնները նոր խանդ տուին Աստուծոյ տաճարին ամէնէն համեստ սպասաւորներուն՝ դպրաց դասերուն:
Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2013-ին, Հայր Թորգոմ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, յաւուր պատշաճի քարոզելով օրուան խորհուրդին մասին: Նախքան քարոզը, Հայր Սուրբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Խաժակ Արքեպիսկոպոսին, որ իր հրաւէրով կը գտնուէր Գանատա: Ապա, Հայր Սուրբը խօսեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին, ըսելով.- «Եկեղեցին սրբոց թանգարան չէ, այլ մեղաւորաց քաւարան: Հայոց Եկեղեցին, Հայ ժողովուրդի յոյզերուն եւ յոյսերուն վառարանն է ու հոգեւոր զարթօնքի անկորնչելի օճախը: Եկեղեցւոյ աննիւթական ձուլարանէն մաքսաւորը արդարացած դուրս կու գայ, մեղաւորը՝ մաքրուած, մաքուրը՝ սրբուած»: Ապա, Հայր Սուրբը շարունակեց ըսելով.- «Եկեղեցին մեր գոյութեան իմաստն է ու նպատակը, հաւատքի վէմը, յոյսի աղբիւրը ու սիրոյ ովկիեանը»: Եկեղեցւոյ մայրութեան դիմաց մենք բոլորս որդիներ ենք, եզրափակեց Հայր Սուրբը:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին այցելութիւնը ի Գանատա, եղաւ ոգեշնչիչ երիտասարդութեան համար եւ անոր հոգեշունչ քարոզները լեցուց հոգեւոր ծարաւը՝ հաւատացեալներու: