Screen Shot 2015-05-25 at 10.39.28 AM

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ
ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով, առողջական պատճառով հրաժարական ներկայացուց իր Առաջնորդի պաշտօնէն՝ Ազգային Վարչութեանս 11 Նոյեմբեր 2015-ի լիագումար ժողովի աւարտին։ Նախքան այդ, Սրբազան Հայրը դարձեալ 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով, իր անձնական հրաժարագիրը արդէն իսկ փոխանցած էր Վեհափառ Հայրապետին։

Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան Թեմակալ Առաջնորդ ընտրուած էր 10 Մայիս 2014-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացած Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Բ. Նիստի ընթացքին:

Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները հրաժարականին յետս կոչումը խնդրելով հանդերձ, Առաջնորդ Սրբազանը մնաց իր որոշման վրայ։ 20 Նոյեմբեր 2015-ին, Ազգային Վարչութիւնս Սրբազան Հօր հրաժարական նամակը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Կը մաղթենք որ Գերաշնորհ Սրբազանը արագ վերագտնէ իր առողջութիւնը եւ կարենայ իր շնորհները ի սպաս դնել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ:

ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ