year-of-service4His Holiness Aram I proclaimed the year 2016 as “Year of Service”. On this special occasion, His Eminence Archbishop Papken Tcharian acknowledged the volunteers who served for more than 20 years at St. Mary Armenian Apostolic Church, and the Armenian Relief Society, Homenetmen and Hamazkayin Toronto chapters.

Last night, the event took place in Toronto. Archpishop Papken will acknowledge volunteers in Quebec on the eve of December 1st at Pastermajian Hall in Montreal.

Ծառայութեան Տարուան նուիրուած գնահատանքի երեկոյ Թորոնթոյի մէջ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, բարեխնմա Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծառայութեան Տարի»ին նուիրուած գնահատանքի երեկոյ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սրբատառ Կոնդակով 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան Տարի»։ Գահակալ Կաթողիկոսը հոն կը գրէ.- «Աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդ իր ինքնութիւնը ունի: Ինքնութիւն կ’ենթադրէ պատկանելիութիւն. պատկանելիութիւն կը նշանակէ հաւատարմութիւն. իսկ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ ծառայութիւն»:

Ձեռնարկի ընթացքին գնահատուեցան աւելի քան 20 տրիներ կամաւոր ծառայութիւն կատարած անհատներ՝ որոնք անդամ են Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան։ Գնահատուեցան նաեւ Ս. Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ ծառայող հաւատացեալները։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ գնահատագիրներ ստացան Թորոնթոյի մասնաճիւղերուն մէջ գործող հետեւեալ անհատները.- ՀՕՄ-էն՝ Ալիս Շիթիլեան, Գեղուհի Պասթաճեան, Զեփիւռ Տորնա, Սեդա Սեւակեան, Բեննա Թարզի, Արփի Աճէմեան, Յասմիկ Ճանտու, Վարսենիկ Սարգիսեան եւ Նաթալի Մանուկեան։ ՀՄԸՄ-էն՝ Արմէն Կէտիկեան, Գառնիկ Նազարէթեան, Սամ Մանուկեան, Վահան Չալիքեան, Սուրէն Պապոշեան, Սամսոն Քահքէճեան, Վիգէն Գալուստեան, Ժան Սարխանեան, Յովսէփ Զագարեան, Սիւզի Գալթակեան, Բեննա Թարզի, Արա Պայլոզեան եւ Հրաչ Նաճարեան։ Համազգայինէն՝ Թամար Տօնապետեան, Ժիրայր Փօլ-Փիթըր, Մարալ Հասըրճեան, Սոնա Յովհաննէսեան, Գալուստ Պապեան, Անի Հասըրճեան եւ Յասմիկ Պապեան։ Իսկ գրատարածի յանձնախումբէն՝ Արշօ Զաքարեան, Սօսի Թաշճեան, Կարօ Ակինեան, Էլիզ Շարապխանեան, Լիսա Սարխանեան, Էօժենի Բարսեղեան եւ Արփի Գասապեան։ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներէն Մելքոն Քարկոցեան, Նուարդ Գաբրիէլեան, Գէորգ Ալաճաճեան, Հայկ Յակոբեան, Ռիթա Սրապեան եւ Հայկուհի Չաքմաքեան։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր փակման խօսքը սկսաւ «Մշակը իր վարձքին արժանի է» աւետարանական համարահատուածով եւ ըսաւ. «Եթէ պիտի ծառայենք, այդ պէտք է ըլլայ անշահախնդիր, յօժարակամ, նուիրումով եւ եղբայրասիրութեամբ։ Այն ժամանակ է, որ կը մեծնանք ու կը բարձրացնենք եկեղեցին եւ մեր միութենական բոլոր կառոյցները։ Սէրը կարեւոր է ծառայութեան մէջ, եւ որ կը պահանջէ գիտակցութիւն, նուիրում, հաւատք ու սէր հանդէպ ազգին ու հայրենիքին»։

Գնահատանքի երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս։

prelate-tcharian year-of-service3 year-of-service2 year-of-service-1