ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԱՆԿԱԿԱՆ  ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝
ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐԸ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին ու Մանկական 
Փառատօնի յանձնախումբին, Շաբաթ, Փետրուար 22, 2014-ին, Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Բարեկենդանի նուիրուած մանկական փառատօնը, որ այս տարի կը զուգադիպէր Վարդանանց տօնին։ Փառատօնի բացումը աղօթքով կատարեց՝ Լաւալի Ս. Գէորգ  եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանը։

Փառատօնը նախաձեռնութիւնն է Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, սակայն անոր իրականացումը կարելի կը դառնայ կամաւորներու հսկայ բաղանքի մը ժրաջան աշխատանքով եւ յատկապէս Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցները, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանն ու Արարատ ճամբարը։ ՀՕՄ-ի «Շուշի» եւ «Սօսէ» մասնաճիւղերը, Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղը իր Անի պարախումբով, գրատարածով եւ Պատմութեան ժամով ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութեանց Լաւալի եւ Մոնթրէալի մասնաճիւղերը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու մարզիկները։

Այս տարուան փառատօնի իւրայատուկ երեւոյթներէն մէկը Հայկական Նաւասարդ տօնի երաժշտական-թատերական ներկայացումն էր։ Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի Ծաղկոցի երկարամեայ ուսուցչուհիներէն տիկին Վարսիկ Պանիրեան, իր շուրջ համախմբելով ծնողներ եւ աշակերտներ, բեմադրեց եւ ներկայացուց «Հայոց Նաւասարդ»ը, որ անգամ մը եւս կարեւորեց հայեցի դաստիարակութեան մէջ՝ հայկական երգարուեստի եւ սովորութիւններու լուսաբանումը հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն։ Այս մասին խօսելով տիկին Պանիրեան հետեւեալը կ՛ըսէ. «Տարիներ շարունակ կը խորհէի գտնել յարմար առիթն ու ուղին՝ Մոնթրէալի հայ համայնքին, արուեստի ճամբով, ներկայացնելու հայկական աւանդոյթները եւ սովորութիւնները։ Ազգային Առաջնորդարանի «Մանկական Փառատօնը» լաւագոյն առիթն ու միջոցը եղաւ  իրականացնելու տարիներու երազանքս։ Փառատօնը խանդավառեց զիս եւ շատերը։ Ուստի ընտրեցի հայկական տօներէն Նաւասարդը, որ մեր տօնացոյցի յաղթական տօներէն մէկն է։

«Ներկայացման ընթացքին ներկայացուեցան աշնանային բերքահաւաքի շրջանի յատուկ եւ Նաւասարդին բնորոշ գլխաւոր ուտեստներու՝ կորկոտի եւ հարիսայի պատրսատութիւնն ու իմաստը, խաղող ճզմելու եւ գինիի հիւրասիրութեան հետ կապուած սովորոյթներ եւ երգեր, փահլեւաններու տեսարան մը՝ «Քոչարի» պարի եւ երաժշտութեան կշռոյթով, բուրդ մանելու արուեստը՝ «Մանիր մանիր ճախարակ» յայտնի երգով,  եւ խնոցի հարելու տեսարանը՝ ազգագրական «Հարի, հարի խնոցի» երգով։

«Այստեղ պէտք է նշել, որ այս թատերական ներկայացման յաջողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին տիկիններ՝ Սոնա Քէօսէեան, Արփի Թորաբեան, Քրիստին Դաւթեան եւ Փառանձեմ Ստեփանեան, ինչպէս նաեւ խումբ  մը աշակերտներ՝ Արթիւր Դաւթեան, Մանէ Դաւթեան, Վիքթորիա Եագուպեան, Ալեքսանտր Թրթրեան, Սիմոն Թրթրեան, Միքայէլ Պաղրամեան, Դաւիթ Սապպաղեան, Ալինա Սեւանեանց, Վիքթորիա Սեւանեանց, Տիգրան Ստեփանեան, Ազատ Վարդանեան, Շանթ Փանոսեան, Մանէ Քէօսէեան եւ Անի Քէոսէեան»։

Այս տարի, տիկիններ Նուշիկ Ժամկոչեանի եւ Աննա Մանուկեանի առաջնորդութեամբ եւ փառատօնի մասնակից երեխաներու մասնակցութեամբ, մարզասրահի կեդրոնը կառուցուեցաւ Արարատ լեռը։ Իւրաքանչիւր երեխայ իր մասնակցութեամբ կարծէք լերան վրայ զետեղեց իր պատկերացուցած հայրենիքէն մասնիկ մը, իսկ տիկին Սիլվա եւ Լենա Խաչերեաններուն եւ օրդ. Բալիկ Խաչերեանի կրպակին մէջ, երեխաները առիթը ունեցան պահ մը փոխադրուելու դէպի հայոց պատմութեան լուսաւոր էջերը եւ իշխան-իշխանուհիններու, զօրվարներաու եւ թագաւոր-թագաւորուհիներու կերպարներուն մէջ մտնելով լուսանկարուիլ ու հպարտանալ իրենց ներկայացուցած կերպարներով։ Օրդիորդներ՝ Լորի Ապրագեանի եւ Նորա Արուշեանի կրպակին մէջ երեխաները վերարտադրեցին հայկական աղամաններ ու ծանօթացան անոնց իմաստին։ Տիկիններ Նաթալի Հաճէթեանի, Նաթալի Պէշլեանի, Նուշիկ Ղազարեանի, Վալերի Գալանեանի, Սանան Տարագճեանի եւ օրդ. Բալիկ Լատոյեանի կրպակին մէջ երեխաները շապիկներու վրայ ներկեցին իրենց էութենէն փխող գունաւոր «Հայաստան»ը եւ նուռերը։

Ս. Յակոբ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանին ու Արարատ ճամբարին, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի «Շուշի» եւ «Սօսէ» մասնաճիւղերուն, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութեանց Լաւալի եւ Մոնթրէալի մասնաճիւղերուն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ու մարզիկներուն կրպակներուն մէջ, փառատօնի մասնակիցները առիթը ունեցան պատրաստելու հայկական նախշերով զարդարուն էջացոյցեր, Մամիկոնեան քաջերու վահաններ, սաղաւարտներ, խաչքարեր, նուռեր, թագեր, հզօր Արցախը ներկայացնող մամիկի ու պապիկի արձանիկներ եւ հայկական խոհանոցին իւրայատուկ խմորեղէններ։ Փառատօնի ընթացքին Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի Պատմութեան ժամը, յանձինս տիկիններ Սեւան Թասլաքեանի եւ Թալին Լատոյեանի ներկայացուցին Յ. Թումանեանի հեքիաթներէն երկուքը։ «Անի» պարախումբի կրտսերները իրենց ելոյթներով խանդավառեցին փառատօնի ընթացքը, իսկ Համազգային գրատարածը մանուկներուն եւ պատանիներուն առիթը ընծայեց որպէսզի իրենց գրադարանները հարստացնեն հայկական մանկա-պատանեկան հրատարակութիւններով։

Այս բոլորի կողքին, Առաջնորդարանծի Կանաց խորհուրդը պատրաստած էր առողջապահական ուտեստեղէնի անկիւն մը։ Անոնք հոգատարութեամբ մատակարարեցին պատանիները եւ անոնց ծոնողները, իսկ պրն. Սարգիս Նոխուտեան, հայկական երաժշտութեան իր հարուստ երգացանկով խանդավառեց փառաօնը։

Մանկական Փառատօնը, իր իւրայատկութեամբ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց՝ հայ մանուկներուն շնորհելով գեղեցիկ առիթը հպարտանալու իրենց հայկական ինքնութեամբ եւ զանզան ձեռային աշխատանքներու եւ խաղերու միջոցաւ ծանօթանալու հայկական մշակոյթի հարստութեան։

Առաջնորդարանը այս առիթով իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր կամաւորներուն, ծնողներուն եւ երեխաներուն, որոնք քաջալերեցին այս նախաձեռնութիւնը եւ իրենց մասնակցութեամբ յաջողութեամբ պսակեցին փառատօնը։