Հանդիպում Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
Առաջնորդ Լէփինին հետ
Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի յետ միջօրէին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան ընկերակցութեամբ Հայ Յարանուանութեան ներկայացուցիչներուն, հանդիպեցաւ Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Քրիսթյէն Լէփին Արքեպիսկոպոսին հետ։
Հանդիպման նպատակն էր հրաւիրել Արքեպիսկոպոսը, 20 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունենալիք Միջ-եկեղեցական Աղօթքին, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիրամեակին։ Թեմակալ Առաջնորդը հանդիպման ընթացքին յայտնած է Արքեպիսկոպոսին, թէ «Մենք պէտք է եղբայրաբար ապրինք եւ դուք էք որ մեզ պէտք է համախմբէք որպէս Մոնթրէալի հնագոյն եկեղեցին եւ ձեր մէջ պէտք է տեսնենք եղբայրութիւնը եւ այդ եղբայրութեամբ դրսեւորուած համագործակցութիւնը»։