Թեմիս Անդրանիկ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի Կանանց Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ Կիլիկիկեան Իշխան եւ Իշխանուհի տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Անահիտ Արմոյեաններուն, նուիրուած Թեմիս Անդրանիկ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 45-ամեակին առիթով:

45 տարիներու երախտարժան ծառայութեան առջեւ խոնարհելով, ներկաները իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին Խաժակ Արքեպիսկոպոսին, վեր առնելով անոր վաստակը, որ եղաւ սպասարկութիւն Աստուծոյ Սեղանին եւ ծառայութիւն մեր ժողովուրդին:

Որպէս Հայ Հոգեւորական, Խաժակ Արքեպիսկոպոս իր ծառայութեանց բոլոր օրերուն, Դպրեվանքեան ուսումնական շրջանէն սկսեալ, եղաւ բարի եւ օրինակելի ներկայութիւն, որովհետեւ իր մէջ խտացուած է մարդկային ազնուութեան գլխաւոր յատկանիշերը։

Որպէս ճշմարիտ ՄԱՐԴ ապրեցաւ ան, մարդոց հե՛տ եւ մէ՛ջ։ Լուր գործեց եւ ծառայեց։ Որովհետեւ Բարիով յաղթեց, Բարիով գործեց, Բարիով համբերեց եւ Բարութիւնը եղաւ անոր կեանքի ուղղին։ Հոգեւորականի վայել կոչումի պատասխանատուութիւնը քանդեց եւ հալեցուց ամէն դժուարութիւն որ ցցուեցաւ անոր կեանքին դէմ:

45-ամեայ իր ծառայութեանց բոլոր օրերուն, որպէս գլխագի՛ր ՄԱՐԴ ապրեցաւ, բառին բովանդակ իմաստով։ Եղաւ ծառայութեան հաւատացող հոգեւորական մը, բայց միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ միաբան։

Եղաւ Հայ Լեզուի առողջ դաստիարակութեան ջահակիր առաջնորդ՝ Հայերէնը գնահատող միտք եւ սիրտ։ Ունեցաւ ներողամտութեան անհուն մեծութեամբ սիրտ մը։ Ապրեցաւ անօրինակելի խոնարհութեամբ, ազնուութեամբ եւ արդարադատութեամբ։

45-ամեայ իր ծառայութեանց բոլոր օրերուն, որպէս Հայ Հոգեւորական, եղաւ հայութեամբ հպարտացող, հայութեան համար զոհուող, հայ դատի ու մշակոյթի քաջարի ու հաւատարիմ պաշտպան։

Որպէս Առաջնորդ, նախանձելի օրինակելիութեամբ, եղաւ համբերող եւ ներողամիտ։ Բոլորին հետ վարուեցաւ եղբայրաբար, գուրգուրալից սիրով եւ գերագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ։ Անոր համար ալ, միշտ եղա՛ւ ու մնաց հպարտ առաջնորդ՝ ե՛ւ իր հոգեւորականներով, ե՛ւ հոգաբարձութիւններով, ե՛ւ ազգային երեսփոխաններով, ե՛ւ ազգային վարչութեամբ ե՛ւ մանաւանդ ժողովուրդով։

Երեկոյի պաշտօնական բացումը կատարեց Հոգեշնորշ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան ողջոյնի խօսք յղելով ներկայ հոգեւորականներուն՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանին, Գերաշնորհ Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանին, Գերաշնորհ Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանին, Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանին, Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեանին, Տ. Արմէն Աւ. քհնյ. Իշխանեանին, Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեանին, Տ. Գառնիկ Աւ. քհնյ. Գոյունեանին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան նորին վսեմութիւն պրն. Արմէն Եգանեանին, ձեռնարկը նախագահող Արմոյեան ընտանիքին, Կիլիկեան իշխաններուն եւ իշխանուհիներուն, Կիլիկեան Ասպետներուն, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանաշանակիրներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ պրն. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ պրն. Րաֆֆի Տօնապետեանին, Ազգային Վարչութեան անդամներուն, Ազգային Պատգամաւորներուն, Երեսփոխաններուն ու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներուն:

Երեկոն յագեցած էր գեղարուեստան պատշաճ յայտագրով մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Խաժակ Սրբազանին 45-ամեայ ծառայութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, վեր առնելով Սրբազան Հօր՝ տիպար, բարի ու շինարար հոգեւորականի կերպարը։ Գեղարուեստական յայտրագրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Յասմիկ Գասպարեան,  որ իր թովիչ ձայնով մեներգեց «Բարի Արագիլ» եւ «Կիլիկիա» օրհներգը, ընկերակցութեամբ վաստակաւոր դաշնակահար պրն. Խաչատուր Ղազարեանի։ Ապա, տիկին Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան որպէս ձօն Սրբազան հօր, գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Նորօրեայ Աղօթք»ը եւ Միսաք Մեծարենցի «Արդի մարդուն Հայր Մերը», դաշնակի ընկերակցութեամբ պրն. Խաչատուր Ղազարեանի։

Երեկոյի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, Գանատայի մէջ Հայաստանի Ատրակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Արմէն Եգանեան, որոնք Խաժակ Սրբազանին հետ աշխատելու բախտաւորութիւնը ունենալով ընդգծեցին անոր գլխագիր մարդու եւ ազնիւ հոգեւորականի յատկանիշերը եւ վկայեցին Սրբազան Հօր հայեցի կրթութեան ու հայրենիքի ի նպաստ տարած բազմաթիւ աշխատանքներուն մասին։
Յատկապէս այս հանդիսութեան առիթով, Գերաշնորհ Տ. Վարուժան Սրբ. Արք. Հերկելեան վկայութիւն մը յղած էր Խաժակ Արքեպիսկոպոսին մասին, զորս ընթերցեց՝ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանը: Վարուժան Արքեպիսկոպոս իր գրութեան մէջ յատուկ կերպով կ’անդրադառնար, Խաժակ Սրբազանին անձին եւ ազգանուէր ծառայութեան մասին:

Երեկոյի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթռոի Գահակալ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ Կոնդակով «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացան տեարք Յարութ Պէրպէրեան եւ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին արժանացան տեարք Վիգէն Յովսէփեան, Արթօ Գապասագալեան եւ Զաւէն Ինճեճիկեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին արժանացան տեարք Արթօ Մարգարեան, Դրօ Փիլիկեան եւ Պետրոս Արսլանեան եւ Լանջախաչ կրելու իրաւունքին արժանացաւ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան։

Երեկոն աւարտեցաւ Յոբելեար Արքեպիսկոպոսին պահպանիչով եւ ներկաներուն կողմէ «Կիլիկիա» օրհներգի յոտնկայս երգեցողութեամբ։

http://www.horizonweekly.ca/news/details/39004