Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան
կը նշանակուի
Առաջնորդական Փոխանորդ

Հայր Մեղրիկ Վարդապետի Գանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 Դեկտեմբեր 2002-ին, որպէս Հոգեւոր Հովիւ՝ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ: 2010-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր որոշումով, ան նշանակուած է Օնթարիոյ Նահանգի Հոգեւոր Տեսուչ եւ միաժամանակ կը վարէ Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը:
Հայր Սուրբը իր Աստուածատուր շնորհներով ձեռներեցութեամբ վարած է իրեն վստահուած առաքելութիւնը եւ ծառայական իր այս նոր հանգրուանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

