Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Բերիոյ Հայոց Թեմի վաստակաշատ նախկին Առաջնորդ, Գանատայի Հայոց Թեմի Հայրապետական Ներկայացուցիչ եւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝

ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ Ս. ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ

վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալ, Գանատայի մէջ:

Վախճանեալին համար Սուրբ Պատարագ եւ Վերջին Օծում տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ