Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն եւ հիմնական տօնը կը հանդիսանայ Քրիստոսի հրաշափառՍուրբ Յարութիւնը: Արդարեւ, Կիրակի 20 Ապրիլ 2025-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեաններկայութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց ԳանատայիՀայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը սպասարկէին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանը։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազւաորեան» դպրաց դասը: ՅընթացսՍ. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ Սարկաւագաց ու դպրաց դասերը, Հոգաբարձական կազմը եւ ընդհանրապէսհամայնքի բոլոր ծառայողները, շնորհաւորեց Թեմի երեսփոխանները, Ազգային Վարչութեանանդամները, եկեղեցիներու հոգաբարձուները եւ հաւատացեալները:

Որդիական երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն ԿիլիկիոյՎեհափառ Հայրապետին, քաջառողջութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով անոր:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ներկաներուն թելադրեց Ապրիլ 24-ին, հոծ բազմութեամբ յարգել մերմէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը, մերժելով ներկայիս հայրենիքէն ներս ուրացումիփորձերը, հաւատարիմ մնալով մեր նահատակներու կտակին:

Աւարտին, Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարումէն ետք, աջահամբոյր տեղի ունեցաւ եւ ՍրբազանՀայրը փոքրիկներուն նուէրներ բաժնեց:

491940103_1103858655116722_3487279844636820801_n

Image 1 of 21