Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Այլակերպութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Քրիստոս իր աշակերտներուն աչքերուն դիմաց պայծառակերպուեցաւ, լոյսով ողողուեցաւ իր ամբողջ դէմքը, լոյսի ճառագայթող ներկայութիւն դարձաւ, որպէս աստուածային լոյս, որպէս աստուածային ճշմարտութիւն։ Այդ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի սիրելի Որդի ըլլալու ճշմարտութիւնն էր եւ Աստուծոյ պատուէրը ու պատգամը անոր մտիկ ըրէք։
Առաքեալներուն ուղղուած այս պատգամը իրենց ընդմէջէն ամբողջ մարդկութեան ուղղուած պատգամն էր։ Պէտք է դառնալ Աստուծոյ, սիրել զԱտուած, լսել Անոր պատուիրանները, հետեւիլ ու Իր ներկայութեան մէջ ապրիլ եւ պատգամները կեանքի վերածել. երջանիկ ու խաղաղ կեանք ունենալու համար»։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ անդաստան եւ օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը՝ Հայոց Հայրապետութիւնն ու Հանրապետութիւնը, Քրիստոնէական Թագաւորութիւնը, տարուան պտղաբերութիւնը, վանքերը, անապատները, գիւղերն ու քաղաքները եւ անոնց մէջ բնակող ժողովուրդը։