Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյանուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին, Գանատայի Հայոց ԹեմիԲարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ ԱնմահՊատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյմէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծայրագոյն Վարդապետ Շխրտմեան եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ ԱրժանապատիւՏ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան Գիրովգնահատանեց ու շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին եւեկեղեցւոյ ու ազգին իր անձնուէր ծառայութեան առիթով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց՝ Ազգային ԱռաջնորդարանիՔրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ ՎարդապետԵագուպեանը։
Իր քարոզին ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածածնիհնազանդութեան, հաւատարմութեան եւ Մայրութեան մասին։
«Աստուածորդին երկինքէն երկիր իջաւ մեր փրկութեան համար։ Մարմին առաւ եւ կատարելապէսծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինէն։ Սուրբ Կոյս Մարիամ դարձաւ այն Ոսկեայ Սափորը,որուն ընդմէջէն յաւիտենական, մնայուն, հոգեւոր Մանանան բաշխուեցաւ ամբողջ մարդկութեան»,ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյանուանակոչութեան տօնը։ Ապա, գնահատեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ ՀայրՍուրբին, Հոգեւոր Հովիւ Տէր Հօր, Հոգաբարձութեան անդամներուն, Սարկաւագաց Դասին, ԴպրացԴասի անդամներուն եւ Տիկնաց յանձնախումբին ծառայութիւնն ու նուիրուածութիւնը։
Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն տօնը եւ յորդորեց, որ նմանին Աստուածամօր եւ հայցենանոր բարեխօսութիւնը։
Սուրբ եւ Անմահ պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Խաղողի, Մատաղի եւ Ջուրի Օրհնութիւն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ