Կիրակի, 27 Յուլիս 2025-ին, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Լաւալի ՍուրբԳէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեց՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ ՀոգեւորՀովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջուրի եւ խունկի օրհնութիւն, որմէետք օրհնուած ջուրով ցօղեց հաւատացեալները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ