Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024-ին, հրամանաւ եւ Օրհնութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսին եւ Ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագիընթացքին Ծայրագոյն Վարդապետութեան տասը Աստիճաններ շնորհուեցաւ՝ Հոգշ. Տէր Գարեգին Վրդ.Շխրտմեանին։
Գաւազանի տուչութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովիԱտենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ ՔահանայՄիքայէլեան։ Աղօթակից էր նաեւ՝ Արժանապատիւ Տ. Մովսէս Քահանայ Շաննաքեան, Լոս Անճելըսէն։
Արարողութեան ընթացքին, Հայր Գարեգին ծնրադիր հրաժարեցաւ եւ նզովեց բոլոր աղանդաւորական եւսխալ քարոզութիւնները, խոստացաւ դաւանիլ ու աշակերտիլ ուղիղ վարդապետութեան:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը, վեր առնելով մեր եկեղեցւոյնուիրապետական իւրաքանչիւր աստիճանի իմաստն ու ծառայական ընթացքը:
Ապա շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետն ու Միաբանութիւնը ինչպէս նաեւ ԹեմիսԿրօնական ժողովը, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ընտանիքը, մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

