Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի, Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիէններս Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնին առիթով կատարուեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց Քահանայից կատարածինքնազոհողութեան, թէ ինչպէս անոնք իրենց հաւատքը՝ քրիստոնէական հաւատքը պահելու համար դէմդրին խաւարին։

«Հայ հոգեւորականը Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքին դաստիարակութեան ու Աւետարանի տարածման կողքիննաեւ հայակերտման ու սերունդներու դաստիարակութեան պարտականութիւնը ունի։ Այլ խօսքով, եկողսերունդներուն հայութեան շունչը փոխանցելու պարտականութիւնը ունի։ Այսօր, իւրաքանչիւրհոգեւորականի ուխտի վերանորոգման առիթ է, որ կը տրուի, աւելի յանձնառութեամբ ծառայելու Աստուծոյեւ ծառայելու ժողովուրդին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմիս մէջ ծառայող հոգեւորականները, մաղթելովքաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ հաւատքով լեցուն ծառայութիւն։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

GHEVONTYANTS-5

Image 3 of 6