Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ին, Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին, իր սրբազան կամարներուն ներքեւ տօնախմբեց յիշատակը հաւատքի այն Ռահվիրաններուն եւ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով, դէմ կեցան բոլոր տեսակի դժուարութեանց, որպէսզի ամուր ու կանգուն պահեն, Քրիստոսի հաւատքը, որ իրենց մորթին գոյնին նման հարազատութեամբ ընդունած էին
Մեր եկեղեցին, Բուն Բարեկենդանի նախորդող շաբթուն ընթացքին, իր տօնակարգին համաձայն, երկու գլխաւոր տօներ ունի, Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը եւ Վարդանանց զօրավարաց 1036 վկաներու նահատակութեան տօնը: Տօն մը որ իսկապէս անքակտելիօրէն միացած է, Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին, որովհետեւ նոյն նպատակին, նոյն գաղափարին համար զոհուած եւ նահատակուած եկեղեցականներու եւ հերոսներու տօնն է, որոնք նոյն եւ մէկ հաւատքի ազատութեան եւ նոյն եւ մէկ Հայրենիքի ազատութեան համար, իրենց կեանքը զոհեցին:
Այս Իմաստով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Առաւօտեան» ժամակարգ, մասնակցութեամբ Թեմիս զինուորեալ եւ յանձնառու հոգեւորականաց դասուն:
Այնուհետեւ, հոգեւորականաց դասի անդամներն, քահանայ հայրերու երէցկիներն ու Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնեաները համախմբուեցան Ազգային Առաջնորդարանի յարկին ներքեւ, եւ սիրոյ սեղանի շուրջ հաճելի պահեր անցուցին միասնաբար: Ապա, քննարկուեցան ծիսական, արարողական, խորհուրդներու կիրարկման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հովուական, հոգեւոր, քրիստոնէական դաստիարակութեան վերաբերող հարցեր։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քաջալերական խօսքերով ու յորդորներով գօտեպնդեց ներկաները: Ան առաջին հերթին վեր առաւ Քրիստոսի ու հայրենիքի հանդէպ Ղեւոնդեանց Քահանայից ցուցաբերած անսակարկ հաւատքն ու քաջութիւնը, նշելով, որ հերոսներն ու սրբազան հայրերը իմացեալ մահով նահատակութեան պանծալի պսակին արժանացան։ Ս. Ղեւոնդեանց շունչով մղուած Վարդանանց պատերազմը, գերհզօր պետութեան մը դէմ հայրենական իր աւանդներուն, քրիստոնէական հաւատքին եւ հաւատալիքներուն հաւատարիմ մնալու հաւատամարտ էր ու յանդուգն քայլ, եւ այսօր ալ մեզի նոյնը կը պատգամէ, այսինքն՝ զԱստուած ու հայրենիքը սիրել, ըլլալ հաւատարիմ մեր հայրերու հաւատքին, եկեղեցւոյ օրէնքներուն եւ կանոններուն, անանձնական սիրով պատրաստ ըլլալ ամէն զոհողութեան՝ վասն հաւատքի եւ վասն հայրենիքի։
Հոգեպարար այս օրը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականներուն համար առիթ եղաւ ի մի խմբուելու, բաժնեկցելու քահանայական կոչումի մասին իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը նոր աւիւնով եւ յանձնառութեամբ։