Կիրակի, 10 Օգոստոս 2025-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, ԳանատայիՀայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւԱնմահ Պատարագ մատուցեց, Ուինիփէկի «St. Bernadette» Եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան:

Իր քարոզին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ Իր բոլորբարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար: Ապա իր գնահատանքը յայտնեց Ուինիփէկի ՍուրբՎարդան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, որոնք կը փորձեն համայնքը ի մի խմբել: Նաեւ ողջունեցներկայ բոլոր հաւատացեալները:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները առիթը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօրհետ զրուցելու:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

532064057_1197644589072036_794918937834687495_n

Image 4 of 4