Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, Խաչվերացի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամԱռաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ընկերակցութեամբ խումբ մըհաւատացեալներ այցելեցին Քէպէգ քաղաք։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու ԱզգայինՎարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։
Ուխտագնացութեան սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ընկերակիցներուն հետ այցելեց ԿոմիտասՎարդապետի կիսանդրին, ուր հոգեհանգստեան կարգ կատարեց ի յիշատակ հայ ժողովուրդի բոլորննջեցեալներուն եւ յատկապէս Կոմիտաս Վարդապետի Հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քէպէգի Chapelle Montmarte Canadien կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայութիւնը Քէպէգաբնակ ժողովուրդին։ Իրբարձր գնահատանքը յայտնեց Օրիորդ Սեդա Թէլեանին եւ Տիար Ժան Մկրտիչեանին, որ երկարտարիներ համադրած են այս այցելութիւնը եւ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Քէպէգի համայնքի զաւակները առիթ ունեցան մտերմիկ զրոյցունենալու Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ուխտաւորներուն հետ։
Օրը իր աւարտին հասաւ նաւապտոյտով, ուր մասնակիցները առիթ ունեցան վայելելու Աստուծոյստեղծած բնութիւնն ու անոր բարիքները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
no images were found

