Ողջերթի պատարագ

ՈՂՋԵՐԹԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեան, նախագահեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Ողջերթի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն ՎարդապետԹաշճեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանիհնգամեայ ծառայութիւնը։

«Հայր Սուրբը հինգ տարիներ ծառայեց Թորոնթոյի հայ գաղութին։ Յայտնապէս թէ ծածուկ, Հայր Վարդանհասաւ բոլորին կարիքներուն», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր կարգին, փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր որդիական երախտագիտութիւնըյայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եւ բոլոր անոնցորոնք հնգամեայ իր ծառայութեան ընթացքին սատար հանդիսացան իրեն:

«Միասնաբար աշխատեցանք մէկ նպատակի համար, հայ քրիստոնեան պահելու այս Սփիւռքի ալեկոծ ուայլափոխ ուժին դէմ պայքարելով», ըսաւ Հայ Վարդան։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us