Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Թորոնթոյի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակը:
Արդարեւ, հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Գուլաճեան: Վեհափառ Հայրապետինանձնուէր ծառայութիւնն ու բազմաճիւղ գործունէութիւնը հետեւեալ բառերով որակեց ան. «երեքտասնամեակ առաջ հայ ազգիս կամքով հայրապետական Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ Աթոռի գահինծառայելու համար ընտրուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառը: Անոր 30-ամեայգահակալութեամբ, Սուրբ Աթոռը եւ Սուրբ Աթոռին ընդմէջէն անթիլիասական դիմագիծըփառաւորուեցաւ եւ հովուապետական գաւազանը ծաղկեցաւ Արամ Ա. Վեհափառինեկեղեցաշինութեամբ, նուիրումով, նախանձախնդրութեամբ, աներկիւղ կամքով, ազգային ու հոգեւորկեանքի բարեզարդումով եւ մշտարթուն հովուութեամբ»: Գուլաճեան իր խօսքին մէջ լայն տեղ տուաւվերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանհամազգային հարցերու շուրջ յայտնած յստակ կեցուածքին: Իր խօսքի աւարտին ան իր որդիականբարեմաղթութիւնները յայտնեց Հայրապետին՝ ըսելով. «որդիական խոնարհութեամբ կը շնորհաւորենքՁեր գահակալութեան 30-րդ տարեդարձը՝ մաղթելով արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու քաջառողջգահակալութիւն։ Թող նորանոր արարումներով ու ձեռքբերումներով զարդարուի հայրապետականգաւազանը՝ ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն Հայրենիքիս եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին, իմիասնութիւն ազգիս հայոց եւ ի պահպանում հայ ազգային արժէքներու»:
«Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս. աւետարանել աղքատաց առաքեաց զիս» (Ես 61.1-2) աստուածաշնչական մէջբերումով իր որդիական երախտագիտութեան խօսքը սկսաւ Գանատայի ՀայոցԹեմի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան: Ան յետադարձ ակնարկ կատարելով՝ յիշեց 57 տարի առաջՆորին Սուրբ Օծութեան քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը՝ զայն որակելով առաքելութեան մեծերթի սկիզբ: Ապա, սրբազան հայրը ընդգծեց. «Սուրբ Հոգւոյ շնորհքներով զարդարուած Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը, մեր ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական եւ անկիւնադարձայինպահերուն, իբրեւ քաջ հովիւ եւ հմուտ ղեկավար, հայ ազգը առաջնորդեց դէպի խաղաղ ափեր: Անմնացորդ ծառայութիւնը Նորին Սրբութեան, ուսանելի կեցուածքները մեր Հայրապետին եւ ոգեւորիչպատգամները Արամ Ա. Կաթողիկոսին, լուսաւորեցին հայ ազգի գոյերթը: Արդ, Ձեր ծառայութեանդիմաց որդիաբար կը խոնարհինք, Վեհափառ: Դուք Ձեր կեանքը ընծայեցիք հայ ազգի գանձանակինմէջ: Սիրելի ազգակիցներ, թոյլ տուէք, այստեղ ձեր ջերմ սիրոյն ու վառ զգացումներուն արտայայտիչըհանդիսանալով՝ ըսեմ. կեցցէ՛, կեցցէ՛ հայ ազգը. կեցցէ՛, կեցցէ՛ Արամ Վեհափառը»:
Հայրապետին երեսնամեայ գահակալութեան նուիրուած երեկոյեան աւարտին, հայրապետականօրհնութեան խօսք արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեցառաջնորդ սրբազանին, թեմի ազգային վարչութեան, համայնքային կեանքին մէջ գործող բոլորկազմակերպութիւններուն եւ ներկաներուն: Ապա, Հայոց Հայրապետը անցեալը իրատես մօտեցումովդիտելու եւ եղելութիւնները առարկայականօրէն քննադատելու հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «նմանպահեր յիշեցումի, յիշատակի, անցեալին նայելու, որոշ դէպքեր ու դէմքեր յիշելու առիթներ են: Բայց այսբոլորէն վեր, երբ կը փորձենք անցեալին նայիլ իրապաշտ մօտեցումով, պէտք է անցեալը քննենք իրշրջագիծէն ներս՝ անցեալի ժամանակներու, պայմաններու, կացութիւններու ու մարտահրաւէրներուլոյսին տակ: Ես կը հաւատամ, որ անցնող 30 տարիները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանպատմութեան մէջ նոր էջ բացող տարիներ եղան: Հակառակ տագնապներուն, մեր Սուրբ Աթոռը իրառաքելութիւնը անվեհեր ձեւով շարունակեց: Անհրաժեշտ է ո՛չ զգացական մօտեցումով, այլ իրատեսհայեցակէտով դիտել, արժեւորել, գնահատել ու քննադատել այն ինչ որ կատարուեցաւ մեր ՍուրբԱթոռին կողմէ՝ մեր ժողովուրդին համար»: Նորին Սրբութիւնը յիշելով 30 տարի առաջ իրկաթողիկոսական օծման անդրանիկ պատգամին մէջբերած սաղմոսը՝ ըսաւ. «սրբազան խորանէն, երբստացայ կաթողիկոսական օծումը, սաղմոսին բարերով ըսի՝ “ցոյց տուր ինծի այն ճանապարհը, ուրկէպէտք է քալեմ”: Կը հաւատամ, որ Տէրը այդ ճանապարհը ցոյց տուաւ եւ զիս առանձին չձգեց: Այդ ճանբէնքալեցի՝ իմ առջեւ ունենալով մեր ժողովուրդը, անոր կարիքներն ու սպասումները: Իմ կարողութեան ուկարելիութեան սահմաններէն ներս տուի՝ այն ինչ որ կրնայի տալ»:
Վեհափառ Հայրապետը շարունակելով իր խօսքը՝ անդրադարձաւ ամեակները նշելէ անդին երթալուկարեւորութեան. «ամեակները միայն անցեալին նայելու առիթներ չեն, այլ ապագային նայելու՝ապագայատեսիլ ու նպատակասլաց մօտեցումով: Վայ այն անձին կամ կազմակերպութեան կամկառոյցին, որ իր կեանքը կը չափէ արեւածագէն սկսելով մինչեւ արեւմար՝ սահմանափակ կերպով. հարկէ դիտել անկէ անդին: Ես կը փորձեմ այս մօտեցումով դիտել անցնող 30 տարիները: Սակայն, 30 տարիներու արժեւորումը կատարելու համար, պէտք է ճիշդ, համապարփակ եւ իրատես մօտեցումովարժեւորել մեր ներկան»:
Հայ կեանքը յուզող ներկայ իրադարձութիւններուն լայն տեղ տալով՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «այսօրհայ կեանքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին կը գտնուի: Ես կ՚ուզեմ հետեւեալխիտ բառերով բնորոշել, բնութագրել մեր ներկայ կեանքը. Հայրենիքը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդումեւ Սփիւռքը` դէպի ինքնամաշում. հարկ է առաջքը առնել այս վտանգին` համահայկական ճիգով: Զգացական պոռթկումներէ, անիրատես արժեւորումներէ հեռու պէտք է մնանք: Մենք չենք կրնար մերապագան տեսնել, ճշդել ու ծրագրել պատահական ու պարագայական մօտեցումներով, կեցուածքներով, լոզունգներով, դատապարտումներով: Մենք մեր ժողովուրդին ապագան կը կերտենք իրատեսմօտեցումով՝ քննելով մեր ներկան եւ ճիշդ դիտելով մեր ապագան եւ ընթանալով այն ճամբէն, որ կըտանի մեր Հայրենիքին փրկութեան եւ ազգին բարօրութեան»: Ապա, Հայրապետը վերանորոգումիանյետաձգելի հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «ահաւասիկ, կ՚ապրինք մեր պատմութեան խաչմերուկին: Այս կացութեան դիմաց, մենք կարիքը ունինք նոր ղեկավարներու, նոր մօտեցումներու, նորկեցուածքներու, որպէսզի դուրս գանք ներկայ ճահճացած վիճակէն: Կրկնութիւններով մենք չենք կրնարյառաջ երթալ, մասնաւորաբար ներկայ ճարտարագիտական նորութիւններով եւ ամէնօրեայփոփոխութիւններով լեցուն ժամանակներուն մէջ: Չենք կրնար ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ ապրիլ: Պէտք է բացուինք եւ տեսենենք, թէ ո՛ւր կ՚երթայ մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը: Աշխարհագրականպայմանները մնայուն փոփոխութեան մէջ են. կեանքը՝ մնայուն եղաշրջումի մէջ: Այս բոլորին դիմացհարցում.- ո՞ւր ենք մենք: Այսօր յոյժ կարիքը ունինք նոր արիւնի եւ նոր աւիշի: Այս բոլորը պիտի գան մերերիտասարդներէն: Անոնք ներկայ աշխարհը կը ճանչնան: Անոնց մօտեցումը այսօր բոլորովին տարբերէ. աւելի իրատես են ու աւելի գործնական: Թոյլ չտանք, որ մեր երիտասարդները հեռանան մեր կեանքէն: Մենք լայն տեղ պէտք է տանք երիտասարդութեան. պէտք է վստահինք մեր երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնք պիտի կերտեն մեր ժողովուրդի ապագան: Երբ նոյն աթոռներուն վրայ նո՛յն անձերըկը նստին՝ կաղապարուած նոյն մտածումներով, աթոռն ալ կը մաշի, աթոռին վրայ նստողներն ալ կըմաշին»:
Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Հայաստանին եւ Սփիւռքին պարազած ներկայիրավիճակին՝ յայտնեց. «տարիներ առաջ ըսի, թէ Հայաստանը կը պարպուի. եւ Հայաստանը կըշարունակէ պարպուիլ. իսկ այսօր կ՚ըսեմ, թէ Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում։ Ինչպէ՞սկարելի է այս ընթացքը կասեցնել: Ահաւասիկ Սփիւռքին դերը: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, լաւպայմաններու տակ չէ: Մենք մեր գաղութներուն մէջ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ տագնապներու դիմաց կը գտնուինք: Այսօր, աւելի քան երբեք, Սփիւռքի մէջ հայըլլալ կ՚ենթադրէ ամէնօրեայ տագնապ ու մաքառում: Հայաստանի մէջ հայը կ՚ապրի իր հայրենի հողինվրայ, կը շնչէ անոր օդը եւ կը խմէ անոր ջուրը, մինչ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Սփիւռքի հայըտասնամեակներ շարունակ ըլլալու եւ չըլլալու երկընտրանքին դիմաց էր, եւ ընտրեց հա՛յ ըլլալ: Հայմնալու համար մեր կեանքը վերածեցինք պայքարի: Այսօր Սփիւռքը, որեւէ ժամանակէ աւելի, ընելիքունի, քան՝ ըսելիք: Ըսելիքներով մեր կեանքը չլեցնենք, այլ՝ ընելիքներով լեցնենք, հարստացնենք ուարժեւորենք: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ժողովուրդէն եւ այս առումով Սփիւռքին դերը էական է: Հայաստանի փրկութեան ու վերականգնումին մէջ Սփիւռքին դերը ես կը նկատեմ առաջնահերթ: Այսպատճառով, մենք, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, սկսանք Սփիւռքիվերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի գործընթացքին, քանի Հայաստանի հզօրացումըպայմանաւորուած է Սփիւռքի հզօրացումով: Ահաւասիկ մեր դիմաց կանգնող հսկայ մարտահրաւէրը»:
Իր հայրապետական օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոսը լուսարձակի տակ առաւ ՄեծիՏանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութիւնը. «Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութիւնը Անթիլիասի չորս պատերուն մէջ գործող, աղօթող ու մտածող կեդրոն մը չէ. Անթիլիասը մեր ժողովուրդին հաւաքական կեանքին մէջ մայր էջին վրայ, առանցքայինդերակատարութիւն ունեցող ներկայութիւն է՝ իր խօսքով ու գործով: Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարին առաջնահերթ գիծին վրայ կը գտնուի. այսպէ՛ս եղած է անցեալին, այսպէ՛ս է այսօր եւ այսպէ՛ս պիտի մնայ ապագային: Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութիւնը, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, մէկ նպատակ ունի՝ Հայրենիքի փրկութիւն, Հայրենիքիհզօրացում, Հայրենիքի վերականգնում ու վերածաղկում, որ պէտք է սկսի Սփիւռքով: Մեր գաղութները, ամէն տեղ, վերականգնումի գործնական ընթացքի մէջ են եւ այս գործընթացքին մէջ Մեծի ՏաննԿիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը առանցքային է: Այս գիտակցութեամբ կը գործէ մեր Սուրբ Աթոռը՝ մերթեմերուն աջակցութեամբ»:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգին երգեցողութեամբ:
Հանդիսաւոր յայտագրէն ետք, Թորոնթոյի մէջ գործող համայնքային մարիմններու ներկայացուցիչներըսեղանակից դարձան Վեհափառ Հայրապետին։ Այս առիթով անոնք զեկուցեցին իրենց կատարածաշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուցին յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը, իրկարգին, դարձեալ շեշտեց մեր կառոյցները վերակենսաւորելու հրամայականը:

