Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Բաբգէն Արք. Չարեան, ընդունեց Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ուՀոգաբարձութեան անդամները։
Ներկայ էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան Անդամներ՝Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Պրն. Թորոս Պապիկեան եւ Պրն. Զաւէն Չոգագլեան։
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան եւ ՀոգաբարձութեանԱտենապետ՝ Տիար Զաւէն Տէր Սահակեան Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունովշնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը մաղթելով քաջառողջ,արեւշատ եւ բարեբաստիկ օրեր։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ Նոր Տարուան ու ՍուրբԾննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով շնորհաւորեց ներկաները։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գնահատեց Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ուՀոգաբարձութեան տարած աշխատանքը եւ շնորհաւորեց նորընտիր կազմի անդամները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


