Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրք. Չարեան, ընդունեց ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի անդամները։
Պատուիրակութեան կ՚ընկերակցէր՝ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Նորա Արուշեանը։
Ներկայ էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան Անդամներ՝ Պրն. Յակոբ Պուլկարեան, Պրն. Թորոս Պապիկեան եւ Պրն. Զաւէն Չոգագլեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ Նոր Տարուան ու ՍուրբԾննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով շնորհաւորեց ներկաները։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գնահատեց ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի աշխատանքը եւ շեշտեցպատանիներու առողջ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ երաշխաւորելու համար վաղուան առողջղեկավարները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


