Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբՔրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի՝ Գանատայի Հայոց Թեմը կը միանայՀամաշխարհային Աստուածաշունչի Ամսուան տօնախմբութեան:

 

Նոյեմբեր ամիսը իւրայատուկ ժամանակաշրջան մըն է, որ կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրինվերագտնելու Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ մեր կեանքերու առաջնորդն ու հաւատքի ակունքը։

 

Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ կեանք կը պարգեւէ եւ կը վերափոխէ մարդուն ներաշխարհը։ Ան կըլուսաւորէ մեր միտքը, կը վերանորոգէ սիրտը եւ կը փոխակերպէ կեանքը։

 

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Խօսքը կենդանի է եւ ազդու, աւելի հատու՝ քան ոեւէ երկսայրի սուր, եւ կըթափանցէ մարդուս հոգիին մէջ, մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները» (Եբր 4.12)։

 

Պօղոս Առաքեալի այս խօսքերը կը յիշեցնեն մեզի, թէ Աստուծոյ Խօսքը՝ կենդանի զօրութիւն մը ունի՝ որկը բժշկէ եւ կը վերակերտէ մարդուն ամբողջ էութիւնը։

 

Երբ մեր սիրտը կը բանանք այդ Խօսքին առջեւ, ան լուսաւորէ մեր խաւարացած սիրտերը, կը յուսադրէմեզ փորձութեանց ժամանակ եւ կը խաղաղեցնէ մեր փոթորկած հոգիները։

 

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը Նոյեմբեր ամիսը կը նուիրէ Աստուածաշունչինհրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները՝

  • Նորոգելու իրենց հաւատքը,
  • Կարդալու եւ ուսումնասիրելու Աստուածաշունչը,
  • Ապրելու Աստուածային ճշմարտութիւններուն համաձայն։

 

Այս ամիսը թող դառնայ հոգեւոր նորոգութեան շրջան։ Թող Աստուծոյ Խօսքը վերստին վառէ մերհաւատքի ճրագը եւ առաջնորդէ մեզ խաղաղութեան, սիրոյ եւ արդարութեան ճանապարհով։

 

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ