Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին ի նպաստ՝ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը աւելի լաւ մեկնարկ չէր կրնար ունենալ, քան ինչ որ արձանագրուեցաւ Կիրակի 26 Յունուար 2020-ին, երբ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Մեծն Մոնթրէալի եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու Առաջնորդարանին բարեկամները, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով ի մի խմբուեցան «Le Crystal» ճաշարանին մէջ, ուր հարազատ մթնոլորտի մէջ բոլորեցին տարիներու վրայ երկարող զօրակցական գեղեցիկ աւանդութիւնը:
Աւանդական ընթրիքի երեկոն կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու Տէր եւ Տիկին Ղուկաս եւ Գարէն Տէր Ղուկասեան ամոլին նախագահութիւնը, եւ կազմակերպուած էր «Առաջնորդի Ընթրիք»ի յանձնախումբին կողմէ:
Ներկայ էին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան, Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Րաֆֆի Տօնապետեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի շքանշանակիրներ, Գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Տիկին Արազ Եաղճեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ զանոնք հրաւիրեց վայելելու հաճելի ու տոհմիկ այս պահը։
Այնուհետեւ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայութեան ու ծառայական կեանքի 35 տարիներուն նուիրուած տեսերիզ մը, որ ցոլացումն էր անոր վաստակաշատ կեանքին՝ հաւատարիմ միաբանի, աշխատասէր եկեղեցականի, անխոնջ հոգեւորականի ու կորովի Առաջնորդի յատկութիւններուն:
Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Համբիկ Գարայեանը: Ան առաջին հերթին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, շնորհաւորեց անոր քահանայութեան 35 ամեակը ու բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնները, ապա ողջունելով ներկաները՝ գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցներուն: Իր խօսքի աւարտին, Տիար Գարայեան յայտնեց, որ Առաջնորդ Սրբազանին 35-ամեակին առթիւ Ազգային Առաջնորդարաին մէջ հիմք կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան» բարեսիրական հիմնադրամին:
Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, ապա, ընթերցեց Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներու՝ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի եւ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի շնորհաւորական նամակները՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր 35-ամեակին առթիւ:
Ապա, ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մէջ Ազգային Առաջնորդարանիս մարդասիրական ծրագիրները ներկայացնող՝ Գեղարքունիք Մարզի Մաքենիս եւ Գեղամավան գիւղերու համակարգչային դասասրահի եւ համայնքի կեդրոն-հաւաքավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեանց տեսաերիզը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան: Ան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը, շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ցուցաբերուած բարի տրամադրութիւններուն ու հիւրընկալումին համար, նշելով, որ դեսպանատունը կը մնայ սերտ բարեկամը ողջ հայութեան եւ յատկապէս Ազգային Առաջնորդարանին եւ տրամադիր է իր ծառայութիւնները մատուցելու բոլորին: Ան գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանիս կատարած հայրենանպաստ աշխատանքները եւ ընդգծեց, որ հայրենիքին մատուցուած ծառայութիւնները անհրաժեշտ յենարաններ են հայրենիքի վերելքին:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բեմ հրաւիրուեցաւ, կատարելու համար պարգեւատրումներ:
Ան առաջին հերթին ներկայացուց «Արդեան» ընկերութեան՝ Վազգէն Բրուտեանի «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» արուեստի գործերը, եւ առաջին օրինակը նուիրեց բարերարներուն՝ Տէր եւ Տիկին Լեւոն եւ Աննա Աֆէյեան ամոլին: Ապա, յայտարարեց, որ համաձայն իր խնդրանքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Կիլիկեան Ասպետի շքանշանով կը պարգեւատրէ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը, որ տարիներէ ի վեր վաստակ կերտած է իր նուիրաբերումով, ազգօգուտ ծառայութիւններով ու աշխատանքի պատրաստակամութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը եւ Ասպետի շքանշանով զարդարեց Տոքթ. Հարպոյանին կուրծքը:
Առաջնորդ Սրբազանը նոյնպէս Առաջնորդարանի «Ս. Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրեց Տիկին Անի Պասմաճեանը, եկեղեցական անդաստանէն ներս իր բազմամեայ ծառայութեանց համար: Նշենք, որ Տիկին Անի Պասմաճեանի բարերարութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ներքնայարկը հիմնովին վերանորոգուեցաւ, կոչուելով՝ «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» Դահլիճ: Այնուհետեւ, «Անանիա Շիրակացի» ազգային, կրթական, մշակութային ու մասնագիտական իրագործումներու շքանշանով պարգեւատրուեցան Օրիորդ Նորա Կէօնճեանն ու Տիար Զաւէն Կէօնճեանը:
Պարգեւատրումներէն ետք, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը:
Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ՝ այս օրուան համար, ապա, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց խորհուրդին ու այս երեկոյթին յաջողութեան անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր նուիրատուներուն, որոնք եկած էն զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալու Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն:
Ան վեր առաւ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, նշելով, որ Առաջնորդարանս ապագայատեսիլ ձգտումով կը ծառայէ եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ այդ բոլորը տեղի կ’ունենայ համայնական աշխատանքով ու ջանքերով, ուստի հաւաքական յանձնառութեամբ պէտք է շարունակել աշխատանքները, փարատելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները: Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ կանգ առաւ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ ծխական շրջաններու վերակենսաւորման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հրատարակչական իրագործումներուն վրայ։ Այնուհետեւ ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի յառաջիկայ ծրագիրները, եւ նշեց, որ բոլորը աշխատանքները կրնանք իրագործել եթէ կը վստահինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին։
Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին Պահպանիչով։ Ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» Մաղթերգը: