«Կեանքի Պարգեւիչը չէր կրնար զրկուած մնալ կեանքէն
Եւ Կենդանութիւն Շնորհողը չէր կրնար չյաղթել
մահուան ու մեղքի իշխանին»
Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը
Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի եկեղեցիները պայծառացան Ս. Յարութեան տօնին կենսաւորող մթնոլորտով։
Մահուան, Խաւարին ու Չարին վրայ Քրիստոսի տարած յաղթանակի օրը՝ Ս. Յարութեան տօնը Գանատահայութիւնը առաջնորդած էր եկեղեցի, հաղորդակից դառնալու Աստուածորդիին գերագոյն զոհաբերութեամբ շահուած փրկութեան խորհուրդին ու իբրեւ հայ քրիստոնեաներ՝ տոգորուելու յաղթական պատգամով։
Այս առթիւ, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցանեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ հաւատացեալներուն բազմութեան ուղղեց Զատկական իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազանը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Եկեղեցի առընթերակայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի:
Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ու Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Ս. Յարութեան տօնին բազմախորհուրդ իմաստը եւ յիշեցուց, որ Աստուած Իր Միածինը աշխարհ ղրկած էր իբրեւ արտայայտութիւն մարդուն հանդէպ իր անսահման սիրոյն, Քրիստոս զոհուեցաւ փրկելու համար մարդկութիւնը եւ հաւատացեալին շնորհելու խաղաղութիւն եւ յաղթանակ։
Անդրադառնալով Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբաթուան իւրայատուկ ժամանակաշրջանին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին կապուած դէպքերու եւ պատգամներու ընդմէջէն, մենք պատրաստուեցանք տօնական այս օրուան, որ կը մարմնաւորէ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութեան գերագոյն նպատակը՝ զոհաբերում մարդու մեղքերուն համար, քաւութիւն մեղաւորին ու անկեալին, եւ վերջապէս՝ մահուան վրայ տարած Քրիստոսի յաղթանակով, յարութեան ու յաւիտենական կեանքի յոյսն ու խոստումը պարգեւել մահկանացուներուս։
Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ «Քրիստոսի յարութեան փաստը խորհուրդներուն խորհուրդն է, անիմանալի խորհուրդ եւ անքննելի իրողութիւն մըն է։ Այո, Քրիստոս մեռաւ, չէր կրնար չմեռնիլ, քանի որ կատարեալ մարդ էր։ Ան միեւնոյն ժամանակ չէր կրնար մեռած մնալ եւ իյնալ մահուան ճիրաններուն մէջ, որովհետեւ Կատարեալ Աստուած էր։ Կեանքի Պարգեւիչը չէր կրնար զրկուած մնալ կեանքէն։ Կենդանութիւն Շնորհողը չէր կրնար չյաղթել մահուան ու մեղքի իշխանին»։
Իր պատգամի երկրորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակին, եւ նշեց, որ մեր հայրերը Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով ապրեցան իրենց կեանքը։ Մահը կեանքի վերածելու այդ հաւատքով ապրեցան բազմաչարչար մեր հայրերը, արիացեալ նահատակները, ցեղասպանութեան զոհ գացած առաւել քան մէկ ու կէս միլիոն մեր Սուրբ Նահատակները: «Ցեղասպան թուրքը փորձեց գերեզմանել մեր ժողովուրդի զաւակները, Տէր-Զօրի մէջ աւազի վերածել, բայց չյաջողեցաւ։ Մենք չգերեզմանուեցանք, որովհետեւ հաւատացինք յարութեան, անմահութեան, Յարուցեալ Քրիստոսի։ Արդարեւ գերեզմանը մեզի համար մնաց միշտ թափուր… եւ սկիզբը նոր կեանքի», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:
Ս. Պատարագի աւարտին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց հաւատացեալ ժողովուրդի Զատկական շնորհաւորանքները: