3 Յունիս 2025-ին, Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի ԱզգայինԱռաջնորդարանի Արցախահայերու համար LEGO-ի և անգլերէնի ուսուցման ծրագրի հերթականփուլին, համագործակցութեամբ՝ Big Mind Kids զարգացման կեդրոնի։

Ծրագիրը կ՚իրականանայ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեանի օրհնութեամբ։

Այս դասընթացքները կը տրամադրուին Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար, որունընդմէջէն անոնք կը ծանօթանան LEGO-ի ուսուցման մեթոտներուն, «ռոպոթ»ներ կազմելու եւստեղծելու ու զուգահեռ ծանօթանալու անգլերէն լեզուի տարրական ուսուցումներուն։

Մենք կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր երեխայ ունի եզակի կարողութիւն եւ այս ծրագրի ընդմէջէնանոնք կը պատրաստուին կեանքի տարբեր մարզեր։ Անվճար այս ծրագրով պատանիներըկարողութիւնը կ՚ունենան կեդրոնանալու կեանքի դրական անցումներուն եւ գալիք փայլուն օրերուն։

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

504160129_1142915007878328_42484736425190246_n

Image 5 of 5