Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին է այսօր։
Տնտեսի Կիրակի։
Մարդը տնտես է եւ ոչ թէ տէր։
Մեր կեանքը, ժամանակը, մեր ողջ կարողութիւնները եւ ունեցուածքը՝ Աստուծոյ պարգեւներն են մեզիտրուած։
Հաշուետուութեան օրը պիտի գայ եւ մենք որպէս տնտեսներ հաշիւ պիտի տանք Աստուծոյ առջեւ։ Մեզիվստահուածին դիմաց ունինք ազատութիւն, բայց միաժամանակ հաշուետուութեանպատասխանատուութիւն։
Հետեւաբար մեզմէ կը պահանջուի հաւատարմութիւն։
Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք՝ Իր կամքին համաձայն ապրելով, Իրեն վստահելով, ապրելու սիրովեւ գործելու արդարութեամբ։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքնիրեն հարց տայ այսօր. լաւ տնտե՞ս եմ եւ ինծի տրուածը կը ծառայէ՞ Աստուծոյեւ իմ նմանին։
Ըլլանք իմաստուն եւ հաւատարիմ տնտեսներ։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի


