Մեծ պահոց երրորդ Կիրակին է այսօր։
Անառակի Կիրակի։
Անառակ որդին մարդու այն կերպարն է, որ կը հեռանայ իր հարազատ ու տաքուկ օճախէն եւ իրենտրուած կեանքը կը մսխէ իր զեղխ ու անառակ կեանքով։
Անառակ որդին դարձի կու գայ այն ժամանակ երբ կը գիտակցի, որ սխալ որոշում առած է, սոված, լքուած ու անտեսուած է։
Հետեւաբար վերադարձի ճամբան կը բռնէ՝ խոստովանութեամբ, զղջումով ու ապաշխարութեամբ։
Անառակի Կիրակին կը յիշեցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ մենք եւս կրնանք Անառակ որդիին նմանսխալիլ, երբեմն սխալ որոշումներ առնել եւ հեռանալ մեր հարազատէն, արմատներէն, ինքնութենէն, մէկխօսքով Աստուծմէ։
Վստահ ըլլանք սակայն որ Աստուած իր ողորմութեամբ ու գթութեամբ կը ներէ եւ գրկբաց կը սպասէմեզի, եթէ զղջումով եւ ապաշխարութեամբ վերադառնանք իրեն։
Այո՛, ապաշխարութեամբ կորսուած դրախտը կը վերագտնենք։
Հրաւէրը եւ ճանապարհը բաց է մեր դիմաց ապաշխարութեամբ վերադառնալու Իրեն, Իր անսահմանսիրոյն արժանի դառնալու համար։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ


