Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ  ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանին:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն. Համբիկ Գարայեանը: Իսկ Տիար Սաղաթելեանին կ’ընկերանային Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանն ու   անդամ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեանը:

Հանդիպումը առիթ ընծայեց խորհրդակցելու գաղութս յուզող անմիջական հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ։

Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի յառաջիկայի ծրագիրներն ու Հայաստանի մէջ համագործակցութեան ոլորտները:

Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ Տիար Սաղաթելեանի նուիրեալ ծառայութեան մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։

Նշենք, որ Ազգային Առաջնորդարանը հայրենիքի մէջ  մարդասիրական ծրագիրներ կը մշակէր Պրն. Սաղաթէլեանի մարզպետութեան ժամանակներէն, որուն ցայտուն օրինակը՝ վերջերս Գեղարքունիք Մարզի Մաքենիս գիւղի միջնակարգ դպրոցի համակարգչային դասասրահի եւ  Գեղամավան գիւղին մէջ համայնքի կեդրոն- հաւաքավայրի վերանորոգութիւնն էր: