Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բացումը կատարեց
Հայ Օգնութեան Միութեան
Գանատայի Շրջանի Պատգամաւորական Ժողովին
Ուրբաթ, 26 Յունիս 2015-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթքով բացումը կատարեց Հայ Օգնուեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Պատգամաւորական Ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս։
Սրբազան Հայրը իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. « Հայրական սիրով եւ հոգեկան անհուն ուրախութեամբ, կը շնորհաւորեմ զձեզ, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հաստատման 25-ամեակի բերկրալից առիթով։ Մեզի համար, հպարտութիւն է՝ փառք տալ Աստուծոյ, որ Հայոց Պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին, մեր կեանքը զարդարեց Հայ Օգնութեան Միութեան ծնունդով։ Մեզի համար, հպարտութիւն է՝ պատիւ ընծայել անոնց, որոնք ապագայի տեսլապաշտ հաւատքով, աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, հիմնեցին Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէսզի անիկա հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս Աշխարհի»։
Նոյն երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 25-ամեակի ճաշկերոյթին։
Եռօրեայ ժողովի նիստերուն, պրն. Յակոբ Պուլկարեան ներկայ գտնուեցաւ ժողովին եւ ներկայացուց Ազգային Վարչութիւնը։