Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ Գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը դրոշմելու քառորդ դարու վրայ հաստատած իրաւանդութիւնը նոր օղակով մը հարստացուց, 2025 տարին հռչակելով՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ։

Այս առթիւ, Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ս. ՅակոբԱռաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագին, հաւատացեալներուն ներկայացուց ՎեհափառՀայրապետի 2025 տարուան Հռչակագիրը։

Նոյն օր, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Թեմիս բոլոր Եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւՎեհափառ Հայրապետին, «ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ» հռչակագիրը։