«Հորիզոն»ի Դեկտեմբերի առաջին թիւով լոյս տեսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէութեան դաստիարակութեան խորհուրդի կրօնական նիւթեր պարփակող «Լուսաւորիչ եկեղեցին տան մէջ» յաւելուածը, որ յետ այսու պիտի հրատարակուի ամսական դրութեամբ։
Յաւելուածին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան անդրադառնալով «Լուսաւորիչ»ի առաքելութեան կ՚ըսէ. «Այս կրօնական ամսաթերթը իր իւրայատուկ դիմագիծով պիտի շօշափէ այլազան կրօնական նիւթեր, հիմնական նպատակ ունենալով ընթերցող հասարակութիւնը եւ մասնաւորաբար մեր երիտասարդութիւնը հաղորդ պահել մեր հոգեւոր ժառանգութիւններուն, անոնց մտքի հորիզոնին առջեւ բանալով սուրբ գրային, եկեղեցագիտական, կրօնական եւ ազգային հոգեւոր արժէքներ»։
Նշենք, որ «Հորիզոն» տասնամեակներէ ի վեր կը հրատարակէ գրական եւ մանկապատանեկան իր յաւելուածները։
«Լուսաւորիչ»ի թիւը կարդալ այս յղումով