Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Ուինիփէկի «Chapellenie Cœur-Immaculé-de-Marie» Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան:
Իր քարոզին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ Իր բոլոր բարիքներուն եւօրհնութիւններուն համար: Ապա իր գնահատանքը յայտնեց Ունիփէկի Սուրբ Վարդան ԵկեղեցւոյՀոգաբարձութեան, որոնք կը փորձեն համայնքը ի մի խմբել: Նաեւ ողջունեց ներկայ բոլորհաւատացեալները:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակիերկրաշարժին զոհ գացած բոլոր հայորդիներու հոգիներու յիշատակին:
ՍուրբեւԱնմահՊատարագէնետք, հաւատացեալները առիթը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետզրուցելու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ