Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեանԳանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, եւկազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, արժանավայել կերպով նշուեցաւ ՍուրբԱստուածածին եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւոր սպասաւորին եւ Գանատայի Հայոց Թեմի նախկինառաջնորդ՝ հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեանի վախճանման հինգերորդ տարելիցը՝ «Հովիւ Քաջ, Հովիւ Բարի» խորագիրը կրող յուշ երեկոյի մը ճամբով, Crystal Fountain հանդիսասրահէն ներս։

 

Սկիզբը տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր սաքսոֆոնի կատարումով հանդէս եկաւ Արմէն Պետրոսեան։Ժամը 6:00-ին սկսաւ հանդիսութեան պաշտօնական մասը, հանդիսավարներուն՝ Բրշ. Յարութ Սրկ. Կիւլոյեանի եւ Տիար Գրիգոր Աստուրեանի բացման խօսքերով, որոնց մէջ վեր առնուեցաւ ՀոգելոյսՍրբազանին հոգեւոր, մարդկային եւ առաջնորդական վսեմ յատկանիշերը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւկազմակերպող յանձնախումբին ներկայացուցիչ՝ Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեան, որ իր խօսքին մէջերախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրականացման համար իրենց նիւթական ու բարոյականօժանդակութիւնը ցուցաբերած բարերարներուն, ներկաներուն ջերմ մասնակցութեան ուքաջալերանքին, եւ յատկապէս անդրադարձաւ «Մեղրիկ Բարիքեան» հիմնադրամին առաքելութեան ուապագայ նպատակադրումներուն։

 

Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի սեղանի օրհնութենէն ետք, ձեռնարկըշարունակուեցաւ երաժշտական ու բանաստեղծական ելոյթներով, զանազան անհատներու կողմէ, որոնց կեանքին մէջ Հոգելոյս սրբազանը բաժին ունեցած է։ Այսպէս, հանդէս եկան «ԶարեհԱզնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» զոյգ դպրաց դասերը, ինչպէս նաեւ քանոնի կատարում՝ Տիկ. Մատիանա Թորոսեանի կողմէ։ Հեռակայ դրութեամբ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ երգի մըներկայացումը կատարեց այժմ Փարիզ ապրող, Բրշ. Վարդան Սրկ. Գաբրիէլեան։ Բանաստեղծականասմունքներով հանդէս եկան Տիկ. Սարին Փօլատեան եւ Օրդ. Իզապէլ Յակոբեան։

 

Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեանատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեան, եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։

 

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀոգելոյսՍրբազան Հօր կեանքն ու բազմաբովանդակ ծառայութիւնը։ Տեսերիզին մէջ տարբեր անհատներ, ինչպէսնաեւ քաղաքական ու հասարակական օտար գործիչներ, իրենց վկայութիւններն ու մտածումներըկիսեցին Հոգելոյս Սրբազանին անձին եւ վաստակին մասին։

 

Ապա բեմ հրաւիրուեցան օրուան նուիրատուները՝ մոմավառութեամբ պատուելու Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեանի լուսաւոր յիշատակը։ Նշենք որ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստաձնեց՝ազնուափայլ Օրդ. Ժիւլիէթ Սարգիսեանը։ Անոր յաջորդեց «Բարիքեան» կրթաթոշակի փոխանցումըԱրմէն Պետրոսեանին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի ձեռամբ, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ վեր առնելով հոգելոյս Սրբազանին նուիրեալծառայութիւնը եւ խորապէս գնահատելով անոր յիշատակը վառ պահելու նուիրուած այսնախաձեռնութիւնը։

 

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Սարկաւագաց դասին «Ամէն Հայր Սուրբ» շարականի հզօր եւ յուզիչ երգեցողութեամբ՝ Հոգելոյս Մեղրիկ Սրբազանին հեղինակածերաժշտութեամբ։ Երգեցողութիւնը եզրափակուեցաւ նոյնինքն Սրբազան հօր արձանագրած ձայնով՝սարկաւագներուն աղօթքին ի պատասխան հնչեցուած «Ամէն» բառով, որ առաւել յուզիչ շունչ տուաւերգեցողութեան։

 

«Պահպանիչ» աղօթքով Սրբազան Հայրը փակեց յուզումնախառն եւ հոգեպարար երեկոն։

Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած էր Հոգելոյս Սրբազանին կեանքի ժամանակահատուածըներկայացնող պատկերներ, եւ կազմակերպուած էր լուռ աճուրդի անկիւն մը։

 

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին տարբեր շրջաններէ ժամանած հայ հոգեւորականներ, Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր սպասաւորները, Օնթարիոյնահանգի հայազգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանը, ինչպէս նաեւ Հայ Կեդրոնի հարկին մէջգործող բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները։