Ուրբաթ, 13 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Խաղաղական եւ Հանգստեանժամերգութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ ԵԱգուպեանն ու Ս. ԳէորգԵկեղեցւոյ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի ընթերցանութենէն ետք ԱռաջնորդՍրբազան Հայրը կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը՝ «Քրիստոս՝ Լեցուն Կեանքի Աղբիւրը» նիւթով։
«Մարդուն միակ փափքն է՝ լեցուն կեանք ապրիլ։ Մարդը կը փնտռէ ուրախութիւն, խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ իմաս իր կեանքին մէջ։ Այս փնտռտուքը այնքան բնական է, որովհետեւ Աստուածմարդը ստեղծեց ոչ թէ դատարկութեան, այլ լեցուն կեանքի համար։ Սակայն այսօրուան աշխարհին մէջշատ մարդիկ կը փորձեն լեցուն կեանքը գտնել տարբեր տեղերու մէջ։ Ոմանք կը կարծեն, թէհարստութիւնը կը լեցնէ իրենց կեանքը։ Ուրիշներ կը փնտռեն փառքի, յաջողութեան կամ հաճոյքներումէջ։ Բայց որքան ալ մարդ այս բաները ձեռք բերէ, շատ անգամ սրտին խորքը կը մնայ դատարկութիւնմը։ Այստեղ է, որ Քրիստոսի խօսքը նոր իմաստով կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ։ “Ես եկայ՝ որպէսզիկեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան” (Յհ 10.10)», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Բարի եւ հեզասահ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

