Կիրակի, 8 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց ԳԷպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանը եւՍ. Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարգի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան պատգամը։
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Տնտեսի Կիրակի օրուան խորհուրդին եւ անկէ բղխողպատգամին։
«Իւրաքանչիւրս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած տնտեսներ ենք, մեզի վստահուած կեանքին, ժամանակինեւ մեր ողջ կարողութիւններուն։ Որքանո՞վ մեր կոչումին հաւատարիմ ենք եւ արդեօ՞ք մեր կեանքըկ՚ապրինք սիրով ու արդարութեամբ։ Որպէս տնտեսներ, մենք Աստուծոյ բարեկամութիւնն ուվստահութիւնը շահինք եւ ապրինք այնպիսի կեանք մը, որ Աստուծոյ աչքին հաճելի է», ըսաւ ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կանանց միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց բոլորկանանց, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, յատուկ աղօթք կատարուեցաւ աշխարհի խաղաղութեան, մարդկային զոհերու հոգիներու հանգստութեան եւ ընտանիքներու մխիթարութեան համար։
Բարի եւ հեզասահ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

