Ուրբաթ, 6 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Խաղաղական եւՀանգստեան ժամերգութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեանը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ ԱւագՔահանայ Միքայէլեանը։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի ընթերցանութենէն ետք ԱռաջնորդՍրբազան Հայրը կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը՝ «Աստուածային Պատկերի Վերականգնում» նիւթով։
Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Քրիստոսի միջոցով մարդուն մէջ Աստուծոյ պատկերիվերականգնումին կարեւորութեան։ Ան բացատրեց, թէ մեղքին պատճառով մարդուն մէջ Աստուծոյպատկերը աղաւաղուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մարդը հեռանայ Աստուծմէ եւ կորսնցնէ իրճշմարիտ ինքնութիւնը։
Մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն մէջբերումներ կատարելով՝ Սրբազանը Հայրը շեշտեց, որ Քրիստոսիմարդեղութեամբ մարդուն առիթը տրուեցաւ վերստին Աստուածանմանութեան եւ իր նախնականգեղեցկութեան՝ Աստուծոյ պատկերին վերադառնալու։
Այս վերականգնումը կը կատարուի միայն Քրիստոսի շնորհիւ, ապաշխարութեամբ, աղօթքով, սիրոյ եւբարի գործերով, հոգեւոր կեանքով եւ Քրիստոսին նմանելու շարունակական ճիգով։
Աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները զգաստ ապրելու իրենց կեանքը եւ յիշելու, որմեր ինքնութիւնը պէտք չէ աշխարհը սահմանէ, այլ Աստուած։
Բարի եւ հեզասահ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

