Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր ԵկեղեցւոյԽաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնները։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ուԱրժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը։

 

Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի ընթերցանութենէն ետք ԱռաջնորդՍրբազան Հայրը կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը՝ «Վերադարձի Կանչ» նիւթով։

 

«Քառասնօրեայ պահեցողութեան այս շրջանին իւրաքանչիւրս կոչուած ենք դառնալու Աստուծոյ։Դժբախտաբար աշխարհը այսօր հոգեւոր սովի մէջ կ՚ապրի եւ մենք մէկ բաժինն ենք այդ աշխարհին։Հոգեւոր սովը բացակայութիւնն է Աստուծոյ։ Հոգեւոր սովի պատճառը մեղքն է եւ մեղքի տիղմին մէջկ՚ընկղմինք երբ մենք զԱստուած կը հեռացնենք մեզմէ։ Ինչպէ՞ս բուժել հոգեւոր սովը. զղջումով, խոստովանութեամբ ու ապաշխարութեամբ։ Իսկ վերջնական բուժումը կը ստանանք երբ մեր հայեացքըկը դարձնենք դէպի ճշմարիտ կեանքի աղբիւրին։ Աստուած ինծի եւ քեզի կը կանչէ։ ՎերադառնանքԻրեն», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

 

Բարի եւ հեզասահ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

DSC_1076

Image 1 of 6